
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Լրագրող, հաղորդավար եւ քաղաքական մեկնաբան Մարիա Արմուտեան մամուլի դրական ու բացասական դերակատարութեանց նուիրուած իր հատորը՝ «Kill the Messenger: The Medias Role in the Fate of the World»ը, պիտի ներկայացնէ «Ապրիլ» գրատան մէջ, Հինգշաբթի, Ապրիլ 12ին, երեկոյեան ժամը 8էն սկսեալ:
Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն, իսկ գրադարանին հասցէն է՝ 415 E. Broadway, Glendale, CA: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել (818) 243-4112 թիւին: