
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայ Օգնութեան միութեան երեսունվեց անդամներ եւ համակիրներ, ցուրտ եւ անձրեւոտ օդը դիմադրեցին՝ մասնակցելով Լոս Անճելըսի 5 քիլօմեթր (3.1 մղոն) վազք-քայլարշաւին, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Մարտ 17ին, Լոս Անճելըսի «Տաճըրզ» մարզադաշտի շրջափակէն ներս:
Եզակի այս վազք-քայլարշաւի մասնակիցներուն հովանաւորողներէն հանգանակուեցան նուիրատուութիւններ՝ ՀՕՄի կենսական ծրագիրներուն համար: ՀՕՄի ԱՄՆի Արեւմտեան շրջանը 11րդ տարին ըլլալով մաս կազմեց այս մարդասիրական նախաձեռնութեան:
Շրջանային վարչութեան կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներէն Շաքէ Կակոսեանը յայտնեց. «Իսկապէս շատ ոգեւորիչ էր մեր խմբակիցներուն հետ ՀՕՄի համար քայլարշաւին մասնակցութիւնը, հակառակ սաստիկ աննպաստ օդին»:
Նոյն շաբաթավերջին, Կիրակի օրը, Մարտ 18ին տեղի ունեցաւ Լոս Անճելըսի «Հոնտա» Մարաթոնը, որուն ՀՕՄի «Team Heartline Against Domestic Violence» խումբին մասնակցեցան եօթը անձեր. մարաթոնին նպատակն էր ընտանեկան բռնութեան հարցը հանրութեան ուշադրութեան յանձնել: Մասնակցողներէն հինգը վազեցին 26.2 մղոն, իսկ երկուքը մասնակցեցան 13.1 մղոն՝ երկուքական հոգիով հերթափոխութեան վազքին (relay):
Թէեւ նախապէս ՀՕՄի խումբէն Մարաթոն-վազողներ եղած էին, այս տարի առաջին անգամ ըլլալով է որ ՀՕՄը ընդունուեցաւ Մարաթոնի պաշտօնական բարեսիրական կազմակերպութիւններու շարքին: Իսկ Մարաթոնի խումբը օգնեց, որ ընտանեկան բռնութեան ենթարկուած զոհերու համար ծրագիրներու հանգանակութիւն տեղի ունենայ:
ՀՕՄի ԱՄՆի Արեւմտեան շրջանը հիմնուած է 1984ին՝ իր կեդրոնատեղին ունենալով Քալիֆորնիա նահանգի Կլենտէյլ քաղաքին մէջ: Ան 27 մասնաճիւղերով մարդասիրական կազմակերպութիւն մըն է՝ հինգ նահանգներու մէջ գործող աւելի քան 1500 անդամներով: Շրջանի ՀՕՄը ունի ընկերային ծառայութեան բաժանմունք, հոգեբանական կեդրոն եւ կը հովանաւորէ պատանեկան-երիտասարդական զանազան ծրագիրներ, կրթանպաստներ եւ այլ նպաստներ: Մանրամասնութիւններու համար այցելել ՀՕՄի www.arswestusa.org կայքը: