
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կիրակի, Ապրիլ 15ին, Կլենտէյլի տարեցներու կեդրոնին մէջ (201 East Colorado Blvd Glendale California 91205) տեղի պիտի ունենայ Յակոբ Յակոբեանի հեղինակած «Better Late Than Never» («Լաւ Է Ուշ, Քան Երբեք») վէպին ներկայացումը, կ.ե. ժամը 4-7:
Հատորը լոյս տեսած է թէ՛ հայերէնով եւ թէ՛ անգլերէնով. անիկա նուիրուած է Հայկական Ցեղասպանութենէն ետք իսլամացած հայերու զաւակներուն կամ թոռնիկներուն դիմագրաւած հարցերուն: Զայն կարելի է ապսպրել www.amazon.com կայքէն:
Յակոբ Յակոբեան զաւակն է Ցեղասպանութենէն վերապրած հայորդիներու եւ ծնած է Յունաստան, իսկ Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին փոխադրուած է Հայաստան՝ դառնալով վարպետ սուսերամարտիկ եւ շահելով շարք մը մրցանակներ: Ան 1981ին Միացեալ Նահանգներ փոխադրուած է եւ շրջան մը դասաւանդած է «Արշակ Տիգրանեան» վարժարանին մէջ, իսկ Լոս Անճելըսի մէջ 1984ին կայացած Ողիմպիական խաղերուն, հրաւիրուած է դառնալու սուսերամարտի իրաւարարներէն մէկը: