ԼՈՆՏՈՆ, «Արմէնփրէս».- Բրիտանական «Կարտիըն» թերթը կը հաղորդէ, թէ Եւրոխորհուրդի մարդկային իրաւունքներու յանձնակատար Թոմաս Համերպերկ անգամ մը եւս անդրադարձած է նախկին խորհրդային երկիրներու եւ յատկապէս Ատրպէյճանի մէջ շարունակուող զեղծարարութեանց ու մարդկային իրաւունքներու խախտումներուն: Ան ըսած է, որ Ատրպէյճանի մէջ զեղծարարութեանց մակարդակը, նախկին խորհրդային այլ երկիրներու համեմատ, շատ աւելի բարձր է, եւ աւելցուցած է, թէ Ատրպէյճանի քաղաքացիներուն մեծամասնութիւնը չի հաւատար, որ երկրի դատական իշխանութիւնը անկախ կը գործէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.