ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Հոլանտայի պետական պատկերասփիռը հեռարձակած է Ատրպէյճանի մէջ կայանալիք «Եւրոտեսիլ 2012»ի հետ կապուած յայտագիր մը, որուն մէջ անգամ մը եւս լուսարձակի տակ առնուած է այդ երկրին մէջ շարունակուող մարդկային տարրական իրաւունքներու ոտնակոխումները:
Հաղորդման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ապօրինի գործարարութեան մասին գրած «Ազատութիւն» կայանի լրագրող Խատիճա Իսմայիլովայի հետապնդումին, եւ նշուած է, թէ երկրին մէջ իշխանութիւնը փոխանցուած է հօրմէն՝ զաւակին, իսկ խորհրդարանի պատգամաւորներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը՝ Ալիեւի կամակատարներ են:
Նաեւ նշուած է, թէ Եւրոխորհրդարանի հոլանտացի պատգամաւորներ ու նշեալ մրցումին հոլանտացի պատասխանատուներ կրնան Ատրպէյճանի քաղաքական բանտարկեալներու, հալածուող լրագրողներու եւ այլ հարցերու շուրջ աղմուկ բարձրացնել՝ զանոնք մրցումին համար Պաքու այցելող միջազգային մամուլին ուշադրութեան յանձնելու նպատակով: