ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հակառակ այն իրողութեան, որ Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդը հակասահմանադրական հռչակած էր Ցեղասպանութիւններու ուրացումը քրէականացնող օրինագիծը, Թուրքիոյ մէջ Ֆրանսայի հանդէպ հակազդեցութիւնները չեն մեղմացած, ու պաշտօնական մակարդակներու վրայ քաղաքական զանազան ուժեր պարբերաբար կը խօսին այդ մասին։
Թրքական լրատուամիջոցներ Ուրբաթ, Ապրիլ 6ին կը հաղորդեն, թէ Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը այս կապակցութեամբ իր բողոքը պիտի արտայայտէ Փարիզի մէջ, կուսակցապետ Տեւլեթ Պահչելիի միջոցաւ, որ յառաջիկայ օրերուն Ֆրանսա եւ Աւստրիա պիտի այցելէ: Ան որոշած է Ֆրանսայի մէջ յայտարարել, թէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը տեղի չէ ունեցած։