ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ».- Մինչ Սուրիոյ իշխանութեանց ընդդիմադիրները Ուրբաթ, Ապրիլ 6ին կը պնդէին, թէ շարք մը քաղաքներու մէջ բանակին եւ ընդդիմութեան համակիր զինեալներու միջեւ բախումները 24 զոհ եւս խլած են, ՄԱԿի մօտ Միացեալ Նահանգներու մնայուն դեսպան Սիւզըն Ռայս յայտարարեց, թէ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը սուրիական տագնապին շուրջ որդեգրած է նախագահական յայտարարութիւն մը, որ կոչ կ՛ուղղէ բնակելի շրջաններէն զինուորական ուժերը հեռացնելու, ծանր զէնքերու օգտագործումը անմիջապէս դադրեցնելու եւ այդ քայլերը մինչեւ Ապրիլ 10 ամբողջական կերպով գործադրելու: Յայտարարութիւնը նաեւ առնչակից բոլոր կողմերուն՝ ներառեալ ընդդիմութեան, կոչ կ՛ընէ կառավարութեան կողմէ իրմէ պահանջուածը կատարելէ ամենաուշը մինչեւ 48 ժամ ետք՝ բռնարարքները դադրեցնելու: Ապահովութեան խորհուրդը նաեւ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունէն պահանջեց սուրիական կառավարութեան հետ խորհրդակցելէ ետք՝ ապագայի քայլերուն մասին առաջարկներ ներկայացնել՝ կարելի եղածին չափ արագ կերպով: Ապահովութեան խորհուրդը սուրիական տագնապի խաղաղ լուծման կարեւորութիւնը շեշտեց եւ դարձեալ պահանջեց ՄԱԿի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անանի վեց կէտերէ բաղկացած ծրագիրը ամբողջութեամբ գործադրել:
Նախքան Ապահովութեան խորհուրդի Հինգշաբթի օրուան նիստը, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնած էր, որ Սուրիոյ մէջ գործուող բռնարարքներուն նկատմամբ որդեգրուելիք որեւէ քայլ պէտք է ուղղուած ըլլայ Անանի ծրագիրը յաջողեցնելու, եւ պէտք է զգուշանալ այդ ծրագիրը տարատեսակ զգուշացումներով ու սպառնալիքներով ձախողութեան մատնելէ: Ան ցաւ յայտնեց այն բանին համար, որ կարգ մը երկիրներ կ՛ուզեն, որ դէպքերը այդ ուղղութեամբ զարգանան: Լաւրով դարձեալ քննադատեց Պոլսոյ մէջ «Սուրիոյ բարեկամներ»ու խորհրդաժողովին ընթացքին կատարուած այդ կոչերը, որոնք սուրիական ընդդիմութիւնը կը դրդէին Անանի ծրագիրին բովանդակած կեցուածքէն տարբեր կեցուածք մը որդեգրելու:
Յայտնենք, թէ Անան Հինգշաբթի օր Սուրիոյ շուրջ իր զեկուցումը ներկայացուց ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովին: Նիստի ընթացքին ՄԱԿի մօտ Սուրիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Պաշշար Ճաաֆարի խնդրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգել «Սուրիոյ զոհերը»: Նաեւ, Պան Քի Մուն յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ արիւնահեղութիւնը դադրեցնելէ աւելի կարեւոր առաջնահերթութիւն մը չկայ՝ նշելով, որ Անանի առաքելութիւնը կրնայ սուրիական տագնապը լուծելու «վերջին առիթը» ըլլալ, իսկ եթէ ձախողի անիկա, ապա «քաղաքացիական պատերազմի կարելիութիւնը պիտի գոյանայ»: Պան Քի Մուն նշեց, որ ընդդիմութիւնը եւս պէտք է բռնարարքները դադրեցնէ՝ տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելու համար:
Անանի բանբեր Ահմետ Ֆաուզի, իր կարգին յայտնեց, որ Դամասկոս Անանին հաղորդած է, թէ իր ուժերուն մէկ մասը քաղաքներէն հեռացուցած է արդէն եւ թէ Սուրիոյ մէջ ՄԱԿի դէտերու պատուիրակութեան կազմութեան աշխատանքը ընթացք առած է: Այս առումով, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Անան ցարդ Թուրքիայէն չէ խնդրած Սուրիա դէտեր ուղարկել:
Յայտնենք նաեւ, որ Անան Ապրիլ 11ին Թեհրան պիտի այցելէ, քննելու համար Սուրիոյ տագնապը:
Թրքական «Ճիհան» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը Սուրիոյ Աֆրին քաղաքին մէջ կեդրոն մը հիմնած է, իսկ հիմա կը փորձէ աջակցիլ Հալէպի քիւրտերուն: Վերջերս բրիտանական «Կարտիըն» թերթը հաղորդած էր, որ քիւրտերը Հալէպի մէջ կը մասնակցին Ասատի դէմ կազմակերպուած բողոքի ցոյցերը ճնշելու գործին: Նախապէս թրքական մամուլը հաղորդած էր, որ երկու հազար քիւրտ անջատողականներ Սուրիա ղրկուած են՝ կառավարութեան օժանդակելու նպատակով: