ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու աշխատաւորական հարցերու նախարարութիւնը Ուրբաթ, Ապրիլ 6ին հաղորդեց, թէ Մարտ ամսուան ընթացքին անգործութեան համեմատութիւնը 8.2 տոկոսի իջած է՝ նախորդ ամսուան 8.3 տոկոսին փոխարէն: Սակայն, տնտեսագէտներ մտահոգութիւն յայտնեցին այն բանին համար, որ Մարտ ամսուան ընթացքին տնտեսութիւնը կրցած է միայն 120,000 նոր աշխատատեղիներ գոյացնել, ինչ որ ակնկալուած շուրջ 200,000էն զգալիօրէն նուազ է: Այլ տնտեսագէտներ կը յայտնեն, թէ սովորականէն աւելի ջերմ ձմեռը պատճառ դարձած է, որ Յունուար եւ Փետրուար ամիսներուն ընթացքին աւելի մեծ թիւով աշխատատեղիներ ստեղծուին, որուն հետեւանքով ալ՝ Մարտ ամսուան աճը ակնկալուածին չափ բարձր չէ եղած: Մարտ ամսուան ընթացքին անգործներուն ընդհանուր թիւը 12.7 միլիոն էր, իսկ երկարատեւ անգործներուն (անոնք, որոնք առնուազն 27 շաբաթներէ ի վեր անգործ են) թիւը՝ 5.3 միլիոն: Ապրիլ 2010էն ի վեր, այս թիւը 1.4 միլիոնով նուազած է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.