ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Յարութեան հաւատալիքը վաղ ժամանակներէն ունեցեր են տարբեր կրօններու պատկանած ցեղախումբեր: Ո՛չ ոք պիտի ուզեր մեռնիլ, եթէ իր կամքին թողուէր, որովհետեւ ծերութեան դէմ, նոյնիսկ տարիքին հետ յառաջացող դէմքի կնճիռներուն դէմ պայքարը, գեղագիտական բազմաթիւ հաստատութիւններու ամէնօրեայ ծանուցումներու առիւծի բաժինը կը խլէ:

Ինչքա՜ն պիտի ուզէր մարդ, որ կեանքին շարունակութիւնը՝ կեանք ըլլար եւ ո՛չ թէ մահ: Հերոսական բոլոր պատերազմներու ռազմիկներուն ոգի ներշնչողները այնպէս քաջալերած են զանոնք, իբրեւ թէ կ՛երթան ո՛չ թէ մահուան, այլ՝ անմահութեան:
Վարդանանց հերոսամարտի գրականացեալ էջերը կը հաստատեն ըսելով, որ հայուն զինուորները «կեանքէ կեանք կ՛երթան»: Նոյն՝ անմահութեան հասած ըլլալու հաստատ համոզումով Եղիշէն կը գովերգէ գիտակից մահուան անմահութիւնը: Մահը ի՛նք անմա՞հ կը դառնայ, թէ մահկանացուն կ՛անմահանայ…: Մահը անարժէք կը դառնայ, երբ իր ոյժէն ու շրջապատին ազդած սարսափէն կը պարպուի:
Բացէ՛ք հին ժողովուրդներու պատմութեան հաստափոր գիրքերը: Ամէնէն լայն տեղերը տրամադրուած են ո՛չ թէ աշխարհի թագաւորներուն կատարած գործունէութեան, այլ անոնց մահուան եւ անկէ ետք անոր յաւիտեան ապրելու գաղափարին: Հսկայ դամբարաններ, ամէնօրեայ գործածական իրեր՝ զէնքեր, զրահներ, ամէն օր նոր պատրաստուող ուտելիքի տեսականի եւայլն: Մինչեւ այսօր ալ, տակաւին կը գտնուին ցեղախումբեր, որոնք հին հաւատալիքներու շարունակողները ըլլալով, մեռելներու ոգիները պաշտելու անիմաստ աշխատանքէն չեն հրաժարիր: Իսկ ներկայիս ժամանցի կարգ անցած է նոյնիսկ քաղաքակիրթ աշխարհին յատուկ ոգեհարցութիւնը, որ քիչ թուով հաւատացողներ չունի:
Այս ամէնը ցոյց կու տան, որ մարդկային միտքին մէջ կայ չարչրկող հարցում, որուն պատասխանը փաստօրէն դեռ չէ՛ գտած ան, եւ յարատեւօրէն կը փորձէ որոշ եզրակացութեան հանգիլ այդ գծով: Ի՞նչ պիտի ըլլայ մարդ, իր մահէն ետք: Ո՞ւր պիտի երթայ իր հոգին: Հոգին կը մահանա՞յ մարմինին նման: Դարերէն եկող, ու դարերուն գացող հարցումներ պիտի մնային ասոնք, եթէ Քրիստոնէական կրօնքը Աստուածորդիին միջոցաւ չյայտնուէր եւ չյստակեցնէր զանոնք:
Քրիստոսով բացայայտուած յարութեան հաւատքը չիմացողները, Պօղոս առաքեալին կողմէ «անմիտ» կը կոչուին: Անմիտ են անոնք, որոնք բնութեան բոլոր երեւոյթներուն մասին տեղեկութիւն ունենալով հանդերձ, չեն ուզեր, կամ չեն կրնար իմանալ, բնութեան մաս կազմող մարդ էակին ֆիզիքական փճացումն ու հոգեկան գոյութիւնը:
Հոգիի եւ մարմինի բաղադրութիւն ունեցող մարդը պէ՛տք է տարբերէր անշունչ նիւթէն, շնչաւոր կենդանիէն եւ բոյսէն: Սա բացատրութեան կարիք չունի: Այս տողերը չէին կրնար գրուիլ, եթէ ասոնց հեղինակը անշունչ քար, երկաթ, անբան անասուն կամ բուսեղէն գոյութիւն ըլլար: Պարզ է, չէ՞:
Ուրե՞մն: Ստեղծիչը ո՛չ թէ սովորական, այլ՝ մե՜ծ տարբերութիւն դրած է իր ստեղծածներուն միջեւ, մարդը ստեղծելով ո՛չ թէ կենսաւոր շունչով միայն, այլ՝ անմահ հոգիով, որ գիտէ անդրադառնալ այս ամէնուն:
Սակայն, դե՛ռ տանջուող միտքը մարդ էակին, իր հանգիստը չէ՛ գտած: Մեռելներու յուղարկաւորութեանց առիթով մարդուն զգացած վախը, մեռելներու նկատմամբ տածած յարգանքը, նոյն պահուն Արարիչին հանդէպ զգացած երկիւղածութիւնը կամ՝ չափազանց լրջութիւնը կը բարացուցեն, թէ՝ մահէն անդին բացուող կեանքին մասին տակաւին անյստակութիւն կայ իր միտքին մէջ:
Աստուծոյ ներկայութիւնը մնայուն կերպով զգալը, մահուան երկիւղը կը փարատէ: Աւետարանին մէջ յիշուած դէպքերէն մէկը, ցոյց կու տայ թէ Աստուծոյ ներկայութեան, մահը չի՛ կրնար գոյութիւն ունենալ, ինչպէս լոյսին ներկայութենէն կը խորշի խաւարը ու կը ցնդի, ինչպէս առաւօտեան ցօղը՝ արեւու ճառագայթներու ջերմութենէն:
Յիսուս Նային քաղաքէն կ՛անցէր: Մեռած պատանին տանող յուղարկաւորներուն թափօրը կանգ առաւ: Այդ պահուն Կեանքն ու մահը իրարու հանդիպեցան: Կեանքը՝ Քրիստոս ի՛նք է: Ամէնուն կեանք պարգեւողին համար ինչքա՜ն պարզ էր մեռած պատանին ետ կեանքին կոչելը…:
Այդ պահուն այդտեղ գտնուող յուղարկաւորներուն համար, ամէնէն անպարտելի իրականութիւնը մահը կը թուէր ըլլալ: Ամէնքն ալ անզօր անոր զօրութեան դիմաց, կամակոր անոր հրահանգին, անմեղ պատանին շալկած կը տանէին անոր վերջին հանգստարանը, անկարող՝ անոր մօր արցունքը սրբելու, կամ՝ մխիթարական խօսք գտնելու մայրական վիրաւոր սրտին:
Սակայն, անպարտելի նկատուած մահը, բոլոր յուղարկաւորներուն աչքերուն առջեւ սրտէն զարնուած գազանի պէս ինկաւ գետին ոռնալով, երբ Յիսուս կեանք պարգեւեց պատանիին, որ այրիին միակ զաւակն էր:
Կեանքն ու մահը իրարու հանդիպեցան…
Կրնա՞ր այլեւս մահը տոկալ…
Իր ամէն զօրութեամբ, ազդած դարաւոր սարսափներով, ոչնչութեան վերածուեցաւ յանկարծ, ու տապալեցաւ Յիսուսի ոտքերուն դիմաց:
Կեանքին դիմաց երբ կանգնիս, մահ ալ ըլլաս, զէնքերդ պիտի յանձնես: Որովհետեւ իսկական Կեանքը՝ Քրիստոս, աւելի ուժեղ է քան աշխարհի բոլոր ոյժերը, մինչեւ իսկ մահը:
Կեանքը աւելի գեղեցիկ է, հաճելի է, մաքուր է, զօրաւոր է ու ընդունելի, քան՝ մահը, որ տգեղ է, անհաճոյ, վիշտով ու ապականութեամբ լեցուն, երկչոտ ու փախստական, որ մարդկային շունչը խլելով կ՛աներեւութանայ անորոշ ուղղութեամբ: Սակայն այդ քամին կը կորսնցնէ իր ոյժը, երբ յարութեան շունչը փչէ Յիսուսի դատարկ գերեզմանէն:
Անդրանիկ պտուղը ըլլալով մեռելներէն յարութիւն առնողներուն մէջէն, Յիսուս իր Կեանքին ուժգնութիւնը արտայայտեց: Քնացած պահապանները իր գերեզմանին, նոյնիսկ չզգացին իրենց թմրութեան մէջ, թէ ի՞նչ պատահեցաւ: Որովհետեւ կեանքը աւելի արագ է քան մահը: Յարութիւնը աւելի ակնթարթային է, քան մեր աչքերուն առջեւ մեռնող մարմինը, նոյնիսկ եթէ վայրկենական արկածով մահանայ տուեալ անձը: Յարութեան վայրկեանը ո՛չ ոք պիտի տեսնէ, որովհետեւ կեանքին վերադարձը հրաշազան պահ է, երկնաւոր Հօր անդառնալի խոստումով տրուած, եւ Քրիստոսի յարութեան հրաշափառ դէպքին նմանութեամբ հաստատուած: Սակայն, հաւատքը միշտ կը պահանջուի իբրեւ առաջին պայման յարութեան: «Աստուած Յիսուսի ձեռքով ետ կեանքի պիտի բերէ անոնք, որ անոր հաւատացին եւ մեռան». կ՛ըսէ առաքեալը (Ա. Թս 4.14): Այդ յոյսով եթէ ապրի հաւատացեալ քրիստոնեան, ակնթարթային յարութեամբ իր աչքերը պիտի բանայ յաւիտենութեան մէջ, յարուցեալ մարմինով եւ անմահ հոգիի պարգեւած երջանկութեամբ…: