12 Ապրիլին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը Վարշաւայի մէջ հանդիպում ունեցած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Ռապըրթ Պրատթքի, Իկոր Փոփովի, Ժագ Ֆորի եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիքի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին շարունակուած են քննարկումները արցախեան հարցի կարգաւորման գործընթացին, նաեւ այս տարուան Յունուարին Սոչիի մէջ կայացած գագաթնաժողովին նախագահներու համատեղ յայտարարութեան դրոյթներուն իրականացման շուրջ: Այդ առումով Էդուարդ Նալբանդեան անդրադարձած է Պաքուէն հնչող յայտարարութիւններուն եւ առնուած քայլերուն, որոնք ամբողջովին կը հակասեն Սոչիի համաձայնութիւններուն ու տրամադրութիւններուն։
Նախարար Նալբանդեանի համաձայն, վերջին շրջանին Ատրպէյճանի մէջ բարձրագոյն մակարդակով սաստկացած է հակահայկական եւ ցեղապաշտական հռետորաբանութիւնը, որ իսկապէս մեծ վնաս կը հասցնէ բանակցային գործընթացին: