
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Չորեքշաբթի, Ապրիլ 11ի առաւօտեան, Արամ Ա. կաթողիկոս յատուկ նամակ մը ստացաւ Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար դոկտ. Էրաթօ Գոզագու Մարքուլիսէն, որուն մէջ նախարարը տեղեակ կը պահէր վեհափառ հայրապետը, թէ կղզիին՝ Թուրքիոյ կողմէ գրաւուած բաժինին մէջ, իշխանութիւնը արգիլած է Կիպրոսի յոյն եկեղեցւոյ պատկանող Քրիստոֆորոս եպիսկոպոսին համայնք կատարելիք այցելութիւնը ու պատարագը, Ս. Զատկուան առիթով: Նոյն նամակին մէջ նախարարը կը յիշէ նաեւ թուրք իշխանութեան կողմէ մարդկային իրաւունքները անտեսող այլ պարագաներու կրկնութիւնը վերջին տարիներուն ընթացքին: Ապա, նախարարը կը խնդրէ վեհափառէն, որ ազդու միջոցներու դիմելով՝ դատապարտէ մարդկային իրաւունքներու ու խղճի ազատութեան դէմ եղող թուրք իշխանութեան կողմէ որդեգրուած նման քաղաքականութիւն մը:
Վեհափառ հայրապետը նախարարին ուղղած իր նամակին մէջ, դատապարտելով Թուրքիոյ մարդկային իրաւունքները անտեսող այս մօտեցումը՝ յայտնեց, որ ինք թելադրած է Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին եւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին, որ Թուրքիոյ ուղղուած խիստ յայտարարութիւններով դատապարտեն այս երեւոյթը եւ արտօնեն խիղճի ամբողջական ազատութիւն, Թուրքիոյ կողմէ Կիպրոսի գրաւեալ բաժինին մէջ: