
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Խաղաղարար նախաձեռնութիւններու կեդրոնի նախագահ Գէորգի Վանեան չեղեալ յայտարարած է Գիւմրիի մէջ իրականացուող ատրպէյճանական շարժանկարներու փառատօնը:
Ի պատասխան այն հարցումին, թէ ի՞նչ հիմք ունի այս որոշումը՝ Գէորգի Վանեան ըսած է. «Որովհետեւ «Ասպարէզ» ակումբի եւ մեր կազմակերպութեան աշխատակիցների, ինչպէս նաեւ Երեւանից Գիւմրի եկող հանդիսատեսի անվտանգութեան հարց կար: Եթէ տեղական իշխանութիւնների լեզուով ասեմ՝ արիւնահեղութեան հարց կար»:
Յիշեցնենք, որ վերջին օրերուն Գիւմրիի մէջ բողոքի ցոյցեր կը կազմակերպուէին՝ ընդդէմ այդ փառատօնին, եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայաստանի երիտասարդական կազմակերպութեան եւ Գիւմրիի քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեանի կողմէ: Նշենք, որ Վարդան Ղուկասեան, «Չորրորդ Ինքնիշխանութիւն» թերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, անդրադառնալով Գիւմրիի մէջ ատրպէյճանական շարժապատկերներու փառատօնի կազմակերպիչ Գէորգի Վանեանին՝ ըսած էր. «Գիւմրիում հիմա ամբողջ քաղաքը խառնուած է, որ անիւ դնենք դրանց տակը ու ուղարկենք Ատրպէյճան: Եթէ Վանեանն ընկաւ իմ ձեռքը, ականջները կտրելու եմ. եթէ սիրուն ջան, քո՛ ձեռքն ընկնի, դու իմ տեղը կտրի, ես բանտ կը նստեմ»: