ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Այս թռչնազգին՝ հաւը, ինչքան ալ անխելք, կամ քիչ խելք ունեցող նկատուած է, դարձեալ շատ-շատերու համար նախընտրելի ուտելիքը կը մնայ: Ճաշարան այցելող սովորական յաճախորդներ, առհասարակ երեք տարբերակներ կը գտնեն իրենց դիմաց.- ձուկ, միս, հաւ: Անշուշտ կան բուսակերներ, որոնց համար տարբեր ճաշացուցակ կը տրամադրուի ընդհանրապէս:
Կենդանական աշխարհէն օրինակ վերցնելու պարագային, հաւը միշտ կանացի, տկար, թեւեւամիտ եւ կամ լրիւ անխելք մարդոց համար իբրեւ նմանութիւն կը տրուի: Սակայն, անխելք կամ թեթեւամիտ հաւու մասին խօսելէ աւելի, այստեղ պիտի անդրադառնանք անոր, «ամէն ինչի յարմարելու» երեսին: Նախապէս առիթներ եղած են, խօսելու «անկուտ« հաւուն ստեղծած իրարանցումին մասին, երբ իր գլխուն ինկած փոքրիկ խիճը երկնաքար կարծելով, աջ ու ձախ կը վազվզէ, ամէն տեղ ահազանգ հնչեցնելով, թէ՝ երկինքը փուլ կու գայ…: Այս տեսակ մարդոց նկարագրային գիծերը շատ նմանութիւն ունին հաւու խելքին, որոնք կրնան փոքր հաւնոցի մէջ, առանց պատճառի յանկարծ մեծ իրարանցում ստեղծել, ինչպէս իրենց նմանող մարդիկ, որոնք մէկ գաւաթ ջուրի մէջ փոթորիկ կը յառաջացնեն, եւ մեծ աղմուկ՝ վասն ոչինչի:
Աշխատանքային իմաստով ալ հաւու նմանող մարդիկ կան: Հաւուն սննդառութեան կերպը թէեւ այն տպաւորութիւնը կը թողու թէ «ընտրովի» է, այսինքն՝ կտուցի սրածայր մասով այնպէս կը խորհինք թէ հաւը կ՛ընտրէ իր ուտելիքը, սակայն, խորքին մէջ անիկա «գտածը» կ՛ուտէ: Կտցած միջոցին, կարելի է տեսնել թէ ինչե՜ր կը բռնուին ու կը կպչին սրածայր լեզուին. հատիկ թէ աւազահատիկ, յարդ թէ թուղթ, շիւղ թէ աղբ, կամ այլ մասնիկներ ասոր կամ անոր աւելցուքէն: Աշխատանքային այս ոճը որդեգրած մարդիկ շատ են: Գործին դիւրին կերպը կ՛ընտրեն ուրիշներուն ճակտին քրտինքով վաստկածէն օգտուելով, այլ վարպետներու տքնաջան աշխատանքին արդիւնքը օրինակելով, ուրիշին ստեղծած կերպը, վաճառանիշը գողնալով, եւ այլ միջոցներով՝ շուտով իրենց գործը համբաւաւոր դարձնելու միտելով:
Սա, սովորական արհեստաւորներու կամ սահմանափակ ուսում ստացած մարդոց օրինակն էր, որ հաւու հապճեպ կտցումներով կերակուր ճարելու եւ փորը կշտացնելու պատկերաւոր բացատրութեամբ լուսաբանեցինք: Մէկ տարբերութիւն միայն, այդ անբան թռչնազգիին եւ անոր նմանող մարդոց միջեւ. այն է՝ որ հաւը երբ կարծր ու անմարսելի հատիկներ կուլ տայ, ատոնք նպաստաւոր կ՛ըլլան իրեն, որպէսզի իր ածելիք հաւկիթին կիրէ կեղեւը, կամ պատեանը կազմաւորեն: Մինչ հաւու նմանող մարդիկ երբ աջէն ու ձախէն հաւաքածոյ ընելով իրենց «փորը կշտացնեն», ատիկա ժամանակաւորապէս կրնայ «կուշտ» պահել զիրենք, սակայն, որոշ ժամանակ ետք անպայման խանգարում պիտի յառաջանայ իրենց մարմինի տարբեր գործարաններուն մէջ, անմարսելի շա՜տ նիւթեր կուլ տուած ըլլալու պատճառով:
Դեռ կայ զարգացած մարդոց հապճեպ «կցտում»ներու տխուր երեւոյթը: Գրականութեան մէջ չի՞ տեսնուիր ասիկա: Անցեալին եղած է, ներկայիս կ՛ըլլայ եւ ապագային ալ անպայման պիտի գտնուին մարդիկ, որոնք ինքնուրոյնութիւն չունին: Ամէն մարդ առանձին անձ է, ճի՛շդ է, սակայն ամէն մարդ ինքնուրոյն մնալու, իւրայատկութիւն ունենալու կարողութիւնը չունենար: Պարզապէս այս իմաստով շնորհազուրկ են անոնք: Գրական հանդէսներու, թէ գրականագիտական հատորներու մէջ, ցարդ բազմաթի՜ւ «հեղինակ»ներ պախարակուած են, հրապարակաւ քննադատուած եւ խայտառակուած, երբ մասնագէտներու կողմէ բացայայտուած են այն հատուածները, որոնք երբեմն օտար հեղինակներէ թարգմանաբար հրատարակած են անոնք, եւ կամ նոյնազգի հեղինակներու գրութիւններէն վերցուցած եւ իբրեւ իրենց սեփական հեղինակութիւնը՝ հրատարակած: Անպարկեշտութեան «զարգացած» կամ «քաղաքակիր»չ մէկ երեւոյթն է այս, որ արժանի է քաղաքակիրթ պատիժի, եթէ քաղաքակիրթ ժամանակաշրջանի մէջ ծնած է անպարկեշտը: Ահաւասիկ հաւու խելք ունեցողի այլ օրինակ, որ նման հաւուն, կտուցը գետնին զարկած միջոցին զգացացած հաճոյքով կը բաւարարուի միայն, առանց մտածելու թէ կլլածները ստամոքս ղրկելէն ետք ի՛նչ հետեւանք կը սպասէ իրեն: Ասոնցմէ ոմանք, հաւուն նման անխելք, հաւուն նման ստամոքսը առջեւ ցցած, դեռ անմտաբար կը հպարտանան իրենց կուլ տուածներով, ներքին համոզում գոյացնելով, թէ՝ ոչ միայն աշխարհի ամէնէն ընտիր կերակուրները ճաշակած են իրենք, այլ թէ՝ այդ կերակուրներու ստեղծիչն իսկ են…: Ահա՛ թէ ինչո՞ւ «հաւու խելք» ունեցողներ կը կոչուին ասոնք:
«Գտածը ուտել»ու այս բնազդը, ճակատագիրի հեգնանքով հաւը դարձուցած է ամէն ինչի «յարմարցուող» կերակուր: Հարսանիքի համար պատրաստուած սեղաններէն սկսեալ մինչեւ հոգեճաշի սեղաններուն վրայ կարելի է եփած հաւ գտնել…: Մէկ խօսքով ամէն առիթի յարմարող կերակուր է հաւը:
Այս իմաստո՛վ ալ հաւու նմանող մարդիկ կան: Կը տեսնես անձեր, որոնք ամէն խումբի հետ կը շաղուին: Տգէտներու կամ անուսներու խումբին մէջ անոնք առաջնակարգ տեղ կը գրաւեն յանկարծ: Կամ՝ կը տեսնես մտաւորական եւ ուսեալ խաւին հետ կը զրուցեն իրենց չիմացած նիւթերու մասին, եւ կամ ալ զանոնք կը տեսնես հոգեւորականներու հետ չափուած միջոցին, երբ իրենց չվերաբերող եկեղեցագիտական հարցերու մասին հեղինակաւոր կարծիքներ կը յայտնեն, ու կը պնդեն անոնց գործադրութեան վրայ: Ահա՛ թէ որոնք են հաւու պէս «ամէն սեղան»ի վրայ իբրեւ «կերակուր» յարմարող մարդիկը…:
Դարձեալ հսկայ տարբերութիւն կայ ամէն սեղանի իբրեւ կերակուր սպասարկուող՝ «յարմարող» հաւուն, եւ այս իմաստով անոր նմանութիւնը եղող մարդոց միջեւ: Մինչ յարմարող հաւը իսկապէս կը յարմարի ու կշտացնելով գոհ կը պահէ զայն ուտողները, սակայն, անոր նմանութիւնը եղողները թէեւ ամէն տեղ կարելի է տեսնել, ամէն խումբի մէջ կարելի է հանդիպիլ անոնց, բայց իրենց այդ ներկայութիւններով, անոնք ո՛չ միայն գոհ չեն պահեր իրենց շրջապատը, այլ՝ կը դառնան զզուելի, եւ երբեմն ալ կը մնան անմարսելի:
Այս պարագային, այր մարդոց աշխատելաձեւն ու խօսելաոճը ուղղակի կանացի շեշտաւորում կը ստանան: Վա՜յ է եկեր այն տղամարդոց, որոնք ի ծնէ թոթովութիւն կամ լեզուական թերութիւն, եւ կամ իգական բարակ ձայն ունին: Հաւու նմանութիւնը գումարած այդ ամէնուն, անտանելի գոյութեան կը վերածէ զիրենք, եւ որոշ պահուան համար կարելի չըլլար դէմդ գտնուող նման անձին սեռը ճշդել, նոյնիսկ այր մարդու զգեստաւորման մէջ տեսնելէ ետք զանոնք…: Ասոր ամէնէն ցայտուն օրինակը «Ս» տառը հնչել չկարողացող տղամարդն է, որ հաւու նմանութիւնն ալ հագնելէ ետք, կտրտուած քայլերով միատեղ, անընդունելի գոյութեան կը փոխակերպուի, զոր պէտք է փարսախներով հեռացնել մարդկային ընկերութենէն, առաջքը առնելու համար հիւանդագին այդ վարակին:
«Հաւու պէս է» սովորական այս արտայայտութեան ետին դեռ ինչե՜ր կարելի է տեսնել, որոնք ժամանակի ընթացքին կը յայտնուին, պարզապէս դաստիարակելու համար մեր ընկերութիւնը: