
– Թուրքիոյ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան համանախագահ Սելահատտին Տեմիրթաշ յայտարարած է, որ եթէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը քրտական տագնապին մօտալուտ լուծում չգտնէ, ապա «ցեղային եւ կրօնական լուրջ հարցեր պիտի ծագին» եւ պիտի աճի Թուրքիայէն անկախանալ ուզող քիւրտերուն թիւը:
– Ամերիկա կը քննէ ցարդ Իրաք մնացող Իրանի ընդդիմադիր՝ Իրանի ժողովրդական կամաւորականներու կազմակերպութեան անդամներ 5 տարբեր երկիրներ՝ Սէուտական Արաբիա, Յորդանան, Ատրպէյճան, Քաթար եւ Փաքիստան, տեղափոխելու հարցը:
– Ապրիլ 12ին, քիւրտ զինեալներու եւ թուրք զինուորներու միջեւ տեղի ունեցած բախումներուն ընթացքին սպաննուած են երկու թուրք զինուորներ: