ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Տիգրանակերտի (Տիարպեքիրի) Սուր քաղաքի քաղաքապետարանը յառաջացուցած է 40 հոգինոց քաղաքային խորհուրդ մը, որուն մէջ կան քիւրտեր, հայեր, ասորիներ, եզիտիներ, թիւրքմէններ եւ կրօնական տարբեր համայնքներու ներկայացուցիչներ: Սոյն խորհուրդը կազմուած է քաղաքապետ Ապտուլլահ Տեմիրպաշի նախաձեռնութեամբ, որպէսզի քաղաքապետարանի աշխատակազմէն ներս չներկայացած մարդիկ նոյնպէս կարենան մասնակից դառնալ քաղաքի ղեկավարման գործին: Մէկ ամիս առաջ, Սուրի քաղաքապետարանը հայոց լեզուի եռամսեայ դասընթացքներ կազմակերպած էր, աւելի կանուխ ալ, քաղաքապետի նախաձեռնութեամբ, հրատարակուած էին հայկական հեքիաթներ, իսկ Սուր մտնող մայրուղիներուն վրայ զետեղուած ողջոյնի գրութիւնը դրուած է նաեւ հայերէնով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.