ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ դատաւորներու եւ դատախազներու բարձրագոյն խորհուրդը կարգապահական հետաքննութիւն բացած է Հրանդ Տինքի սպանութեան գործը քննած Պոլսոյ ատեանի նախագահ Ռուստամ Էրեըլմազի եւ հանրապետական դատախազ Հիքմեթ Ուստայի դէմ: Դատաւորին դէմ հետաքննութիւն սկսած է, որովհետեւ ան մամուլին մէջ ըսած էր. «Չեմ կրնար ըսել, թէ Տինքի սպանութեան մէջ յանցախումբ չկայ, բայց…», իսկ դատախազ Ռուստամի դէմ՝ անոր կատարած «Յանցախո՛ւմբ ալ կայ, փաստե՛ր ալ կան եւ աւելի՛ն. ուղղակի դատարանը զանոնք չէ ուսումնասիրած» յայտարարութեան համար: Դատարանը Յունուար 17ին արձակած վճիռին մէջ սպանութեան ետին կանգնած կազմակերպութիւն մը չէր գտած եւ սպանութեան գծով ձերբակալուած 22 կասկածեալներ ազատ արձակած էր: Սպանութեան կազմակերպիչներէն միայն Եասին Հայալը ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած է, իսկ գլխաւոր կազմակերպիչը նկատուող Էրհան Թունճելը ազատ արձակուած էր: Նախապէս, սպանութիւնը իրագործած Օկիւն Սամասթը 22 տարուն ու 10 ամսուան բանտարկութեան դատապարտուած էր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.