ՍԻՏՆԻ.- Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Աւստրալիոյ դաշնակցային եւ նահանգային մակարդակի շարք մը պատգամաւորներ պիտի մասնակցին Հայկական Ցեղասպանութեան տարելիցին նուիրուած ոգեկոչման ձեռնարկին:
Պատգամաւորներու մասնակցութիւնը միտում ունի միջոցառումը դարձնելու քաղաքական աջակցութեան ամենահզօր դրսեւորումը, որպէսզի Աւստրալիա եւս ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Ապրիլ 24ին կայանալիք միջոցառման ընթացքին, աւստրալահայ համայնքին կողքին պիտի ըլլան ծերակուտականներ Նիք Քսենոֆոն, Ճան Մետիկըն, խորհրդարանի անդամներ Ճոյ Հաքի, Ճան Ալեքսանտր, Փօլ Ֆլեչըր, Սքաթ Մորիսըն, ինչպէս նաեւ Նոր Հարաւային Կալեսի խորհրդարանականներ Վիքթոր Տոմինելօ, Ուոլթ Սիքորտ, Քոլեն Հարթլենտ, Ամենտա Ֆազիօ եւ ուրիշներ:
«Քաջալերական է, որ նահանգային եւ դաշնակցային խորհրդարաններու մեր ընկերները կը միանան մեզի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցին նուիրուած ձեռնարկին մասնակցելու համար: Քաղաքական տարբեր ուժերէ գործիչներու այսպիսի մրցանշային թիւի մասնակցութիւնը, քաղաքական աջակցութեան հզօր ուղերձ է Աւստրալիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու համար», նշած է Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Վարանդ Մկրտիչեան:
Մասնակից խորհրդարանականները ելոյթներով հանդէս պիտի գան եւ տեղի պիտի ունենայ յատուկ ներկայացում՝ փրոֆ. Հենրի Թերիոյի կողմէ, որ պիտի քննէ Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգորդներուն վնասուց հատուցումներ ապահովելու կարելիութիւնները: