
ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Նախաձեռնութեամբ Ցեղասպանութեան կրթական ծրագիրին (GenEd), երկրորդական վարժարաններու մէջ մատուցուած Հայկական Ցեղասպանութեան դասանիւթին յատուկ վաւերագրական շարժապատկեր մը արտադրուած է:
12 վայրկեաննոց ֆիլմը՝ «The Armenian Journey: From Despair to Hope in Rhode Island», կը պատմէ Ցեղասպանութենէն վերապրած Մարկրիթ Կարապետեան-Տէր Մանուէլեանի պատմութիւնը՝ պատմուած իր 21ամեայ ծոռ Տալիթա Կեցոյեանի կողմէ:
Շարժապատկերին համար նիւթական աջակցութիւնը կարելի եղած է ապահովել Ռոտ Այլընտի նահանգային մէկ մարմինին կողմէ, իսկ զայն դասարաններու մէջ լաւագոյնս օգտագործելու նպատակով, Ցեղասպանութեան կրթական ծրագիրը Մայիս ամսուան ընթացքին շարք մը աշխատանիստեր պիտի իրականացնէ ուսուցիչներու համար:
Շարժապատկերին արտադրիչներն են Ցեղասպանութեան կրթական ծրագիրի կրթական հարցերու վարիչ Սարա Քոհըն եւ ֆիլմը բեմադրած Արմէն Վարատեան (AMV Creative production company), որոնք վայելած են նաեւ Ցեղասպանութեան կրթական ծրագիրի Ռոտ Այլընտի մասնաճիւղի համավարիչներ Փօլին Կեցոյեանի եւ Եսթեր Գալաճեանի նեցուկը: Յաւելեալ օժանդակութիւն տրամադրուած է Ճորճ Աղճայեանի եւ «Project Save»ի կողմէ:
Վաւերագրական շարժապատկերը կարելի է դիտել www.facebook.com/genedpro կայքէջին վրայ: Ուսուցիչներու աշխատանիստերուն մասին տեղեկութեանց համար, դիմել sarac@GenocideEducation.org հասցէին: