
ՄԻՇԸՆ ՀԻԼԶ.- Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի տնօրինումով, Ս. Զատկուան տօնին առթիւ, Աւագ Չորեքշաբթի, Ապրիլ 4ին, առաւօտեան ժամը 10:30ին, Նարեկ Ա. քհնյ. Մատարեանի գլխաւորութեամբ արարողութիւն կատարուեցաւ Միշըն Հիլզի «Արարատ հայ տարեցներու տան» երկու բաժիններուն մէջ: Ներսէս քհնյ. Հայրապետեան, Սարգիս Ա. քհնյ. Փեթոյեան, Յովսէփ Ա. քհնյ. Յակոբեան եւ Զարեհ քհնյ. Մանսուրեան իրենց հակիրճ պատգամները տուին, ապա իրենց շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթութիւնները փոխանցեցին մեր տարեցներուն եւ գնահատեցին «Արարատ տան» խնամակալ մարմինի ու պաշտօնեաներուն հոգատար ծառայութիւնները՝ յարատեւ յաջողութիւն մաղթելով անոնց:
Արարողութենէն ետք հոգեւորականներ ճաշեցին տարեցներուն հետ: «Արարատ տան» պատասխանատուները իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին հոգեւորականներուն, որոնք Ս. Յարութեան տօնին առթիւ հոգեկան մխիթարութիւն պատճառած էին մեր հայրիկներուն եւ մայրիկներուն: «Արարատ տան» այցելու հոգեւոր հովիւն է Նարեկ Ա. քհնյ. Մատարեանը:
Նոյն օրը, կ.ե. ժամը 3:30ին, Նարեկ Ա. քհնյ. Մատարեանի գլխաւորութեամբ, արարողութիւն կատարուեցաւ նաեւ Իկըլ Ռաքի «Արարատ տան» մէջ: