
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Ապրիլ 19ին բեմադրիչ, դերասան Նարեկ Դուրեան հանդիսատեսին պիտի ներկայացնէ իր նոր՝ «Օփերացիա Նեմեսիս» թատերական ներկայացումը՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակին:
Բեմադրիչը պատմական այդ էջին մասին ներկայացում բեմադրելը կարեւոր կը համարէ, քանի որ, ըստ անոր՝ այդ մասին քիչ կը խօսուի: «Որովհետեւ ես գտնում եմ, որ այսօր այդ հերոսական էջի մասին շատ քիչ է խօսւում: Մենք այդ էջերը իրաւունք չունենք մոռանալու եւ պէտք է ետ բերենք», կ՛ըսէ արուեստագէտը:
Խօսելով ներկայացման նիւթին մասին՝ բեմադրիչը նշեց, որ ան հիմնուած է երկու մօտեցումներու վրայ՝ Պերճ Զէյթունցեանի «Ոտքի դատարանն է գալիս» ներկայացման եւ ֆրանսացի երկու պատմաբաներու աշխատութիւններուն վրայ:
Ներկայացման մէջ կը խաղայ 11 դերասան, որոնցմէ հանրութեան աւելի քաջածանօթ են Աւօ Խալաթեանը եւ «Նիմ» արուեստանոցի դերասանները: Իւրաքանչիւր դերասան քանի մը դեր պիտի ունենայ եւ պիտի փորձէ յայտնուիլ տարբեր ժամանակներու մէջ:
Թէ որքա՞ն պիտի շարունակուի ներակայցումը՝ բեմադրիչը կը դժուարանայ ըսելու: Սակայն թատերագէտ Արա Խզմալեան, այս առումով կը նշէ, թէ դիտելով ներկայացման վերջնական փորձը՝ վստահ է, որ ներկայացումը երկար ժանամանակ պիտի բեմադրուի, քանի որ համահունչ է այսօրուան թատրոնի պահանջներուն: «Հայ թատրոնում այսօր ամենամեծ խնդիրը ժամանակի եւ ռիթմի զգացողութիւնն է: Շատ ներկայացումներում չկայ այդ ռիթմը», կը յայտնէ Խզմալեան ու կ՛աւելցնէ, թէ այդ առումով՝ Դուրեան բացառիկ է. «Ինձ համար ամենակարեւորը այս ներկայացման մէջ ռիթմամեղեդային պատկերն է», կ՛ըսէ թատերագէտը:
Ըստ Արա Խզմալեանի՝ շատ կարեւոր է նաեւ այն, որ Դուրեան չէ տարուած թեմայով, քանի որ «տարուելով թեմայով՝ յաճախ սպաննում ենք արուեստը»: Իսկ միւս առաւելութիւնը ան համարեց ներկայացման կարճ տեւողութիւնը՝ մէկ ժամ եւ երեսուն վայրկեան:
Նարեկ Դուրեանի կարծիքով՝ կարճ տեւողութիւնը յատկապէս ճիշդ է ողբերգական թատերախաղին եւ յատկապէս՝ հայ հանդիսատեսին համար: Այնուամենայնիւ, կ՛աւելցնէ ան, որ Ցեղասպանութեան թեմայով ներկայացման ընթացքին հանդիսատեսը չի կրնար չյուզուիլ: «Որ ասեմ, չենք լացելու՝ ճիշդ չի: Որ ասեմ, կրծքին ենք խփելու եւ ասելու, որ բոլորին սպաննելու ենք՝ դա էլ ճիշդ չի», կ՛եզրափակէ Դուրեան: