ԵՐԵՒԱՆ.– Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրն, Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան (ԱՄՆ ՄԶԳ) հայաստանեան առաքելութեան տնօրէն Ճաթինտըր Չիման եւ Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Արթուր Գրիգորեան 16 Ապրիլին ստորագրեցին երկու դրամաշնորհային համաձայնագիրներ։ Անոնց համաձայն, ԱՄՆ ՄԶԳն նախարարութեան օժանդակութիւն պիտի տրամադրէ՝ նոր կենսաթոշակային համակարգին մասին հանրութիւնը աւելի լաւ կերպով իրազեկ դարձնելու եւ Հայաստանի մէջ ընտանեկան բռնութեան զոհ դարձած կիներուն տրամադրուող ծառայութիւնները բարելաւելու նպատակով։ Ստորագրութեան ներկայ եղած են նաեւ Հայաստանի կառավարութեան եւ Միացեալ Նահանգներու առաքելութեան ներկայացուցիչներ:
Առաջին ծրագիրին նպատակն է աջակցիլ Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան՝ վերջերս ստեղծուած «Կենսաթոշակային համակարգի իրազեկման կենտրոն» հիմնադրամի կարելիութիւններու հզօրացումով 2012 թուականին կայացնելու իրազեկման արշաւներ, ինչպէս նաեւ իրականացնելու կենսաթոշակային բարեփոխումներու առնչուող ֆինանսական գրագիտութեան արդիւնաւէտ ծրագիրներ:
Երկրորդ համաձայնագիրով ԱՄՆ ՄԶԳն օժանդակութիւն պիտի տրամադրէ Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան, որպէսզի անիկա կարենայ աւելի լաւ ու արդիւնաւէտ ծրագիրներ մշակել եւ ծառայութիւններ մատուցել ընտանեկան բռնութեան զոհ դարձած կիներուն, այս իմաստով թերացումներու բացայայտում կատարել եւ համապատասխան քայլերու ձեռնարկել։
Երկու ծրագիրներն ալ մաս կը կազմեն 2010ի Օգոստոսին ԱՄՆ ՄԶԳ եւ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ ստորագրուած Առողջապահութեան եւ ընկերային բարեփոխումներու ծիրին մէջ օժանդակութիւն տրամադրելու համաձայնագիրին։