ԹԵԼ ԱՒԻՒ, «Ռոյթըրզ».- Կիրակի եւ Երկուշաբթի, Ապրիլ 15-16ին, իսրայէլացի ոստիկաններ առնուազն 49 օտար քաղաքացիներ ձերբակալեցին օդակայանին մէջ, որովհետեւ անոնք կը մասնակցէին պաղեստինեան գրաւեալ հողեր այցելել փորձող մարդկային իրաւանց գործիչներու կազմակերպած միջազգային արշաւի մը:
Գործիչներէն առնուազն 12ը արդէն իսկ Երկուշաբթի օր հեռացուած են Իսրայէլէն:
Մարդկային իրաւանց գործիչները կը յայտնեն, թէ արշաւին նպատակն է ցոյց տալ, թէ Իսրայէլ կը շարունակէ իր ամբողջական վերահսկողութեան տակ պահել պաղեստինեան գրաւեալ շրջանները:
Իսրայէլ ճնշում բանեցուցած էր նաեւ միջազգային օդանաւային ընկերութեանց վրայ, որոնք արտօնութիւն չեն տուած այս արշաւին մասնակցելու համար Իսրայէլ ճամբորդող մօտաւորապէս 100 գործիչներու, որ օդանաւ բարձրանան:
Իսրայէլ կը պնդէ, թէ այս արշաւին մասնակցող գործիչները վտանգ կը սպառնան երկրի ապահովութեան: Իսրայէլացի զինուորներ նաեւ վայրագօրէն ծեծած են Շաբաթ օր պաղեստինեան գրաւեալ հողեր հասած դանիացի 20ամեայ երիտասարդ մը՝ բողոքի ալիք մը պատճառելով: