ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Զուիցերիոյ հայ համայնքը կը շարունակէ պահանջել քրէական պատասխանատուութեան ենթարկել Թուրքիոյ Եւրոմիութեան հարցերով նախարար Էկեմեն Պաղըշը: Այս առթիւ, «Նուվել տ՛Արմէնի»ն կը տեղեկացնէ, թէ Հայ-զուիցերիական խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակի քարտուղար Սարգիս Շահինեան յայտարարած է, թէ Պաղըշի կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութեան ուրացման կապակցութեամբ՝ որոշուած է դիմել Ցիւրիխի վճռաբեկ ատեանին՝ անբաւարար նկատելով արտաքին գործոց նախարարութեան այն բացատրութիւնը, թէ Պաղըշի դէմ դատը կարելի չէ շարունակել, որովհետեւ ան դիւանագիտական անձեռնմխելիութիւն կը վայելէ:
«Թուրք նախարարը բացայայտ կերպով խախտած է Զուիցերիոյ օրէնքները, եւ այդ իսկ պատճառով պէտք է պատասխանատուութիւն կրէ», յայտարարած է Հայ-զուիցերիական միութեան համանախագահ Անտրէաս Տրէյզիեպներ: