ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Երկուշաբթի, Ապրիլի 16ի երեկոյեան կայացած կառավարութեան ընդլայնուած նիստին ընթացքին յայտարարած է, թէ վերջին քանի մը տարիներուն Ատրպէյճան կրցած է զգալիօրէն բարելաւել իր տնտեսական վիճակը, ու իր իշխանութեան օրերուն իրականացուած գլխաւոր ձեռքբերումը նկատած է համացանցի ազատ օգտագործումը երկրին մէջ՝ մոռնալով, որ շարք մը այլախոհներ այս «ազատութեան» հետեւանքով բանտարկուած կը մնան:
Ալիեւ նաեւ յայտարարած է, թէ Ատրպէյճան կը շարունակէ զօրացնել իր ռազմական ուժը, յոյս պահելով, որ Ղարաբաղի խնդիրը կը լուծուի խաղաղ ճանապարհով: Ան կրկնած է նախկին յայտարարութիւնները, թէ՝ ատրպէյճանական բանակը պատրաստ է իրականացնելու որեւէ յանձնարարութիւն՝ երկիրը պաշտպանելու համար: Անոր համոզումով, Ատրպէյճան օրէ օր աւելի կը մօտենայ Արցախի հարցով յաղթանակին, քանի որ, ըստ անոր՝ «Հայաստան ամէն օր անկում կ՛ապրի, իսկ Ատրպէյճան՝ կը շարունակէ զօրանալ»: