ԶԱՐԵՀ ՍԱՓՍԶԵԱՆ

Օդանաւային ճարտարագիտութեամբ մասնագիտացած, համալսարանը աւարտելէ ետք երեք տարի Լոս Անճելըսի հարաւային արուարձանը գտնուող, Lockheed օդանաւաշինական ընկերութեան մէջ աշխատեցաւ։ 1994ի գարնան, Սիաթըլէն երեսուն մղոն հիւսիս՝ Էվըրեթ քաղաքին մէջ գտնուող Boeing ընկերութեան առաջարկը կարելի չէր մերժել. վճարումով, նաեւ՝ դիրքի բարձրացումով։ Արդէն չորս տարի է, որ Վիգէն այդ ընկերութեան մէջ գոհացուցիչ դիրք ունէր, նաեւ՝ ընկերական լաւ շրջանակ. բոլորը օտար։ Էվըրեթէն տասը մղոն հարաւ գտնուող Էտմընտծ ծովափնեայ գիւղաքաղաքին մէջ ծաղիկներով յորդուն եւ ծովահայեաց պատշգամով ալ տուն մը գնած էր։ Ութը ամիսէ ալ Էտմընտծի քաղաքապետին քմայքոտ, բայց ներկայանալի աղջիկը՝ Լիսան, իր ընկերուհին դարձած էր։ Կեանքը լաւ էր Վիգէնին համար. գոհ ու երջանիկ էր։ Միակ պակասը որ կը զգար, ընտանիքին եւ հայ ընկերներուն Լոս Անճելըս գտնուիլն էր, եւ այդ տեղի հայաշունչ կեանքը՝ Ապրիլ 24եան ցոյցերով եւ երիտասարդական հաւաքներով։
Իր տունէն քիչ հեռու, մայր պողոտային վրայ, ELEGENT DRY CLEANING & TAILORING անունով խանութ մը կար, ուր Վիգէն իր զգեստները լուացուելու եւ արդուկուելու կու տար։ Խանութին տէրը Էտուարտօ անունով յիսուննոց հարաւ ամերիկացի մըն էր։ Նախ խօսակցութիւնը միայն «բարեւ ինչպէս ես» էր։ Բայց վերջերս բաւական մտերմիկ վիճաբանութիւններ կ՛ունենային, որովհետեւ Ֆրանսա կայանալիք 1998ի ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութեան խաղերը սկսելու վրայ էին եւ երկուքն ալ այդ խաղին սիրահարներ ըլլալով, ունէին իրենց նախընտրած խումբերը։ Անշուշտ Էտուարտոյին համար Պրազիլն էր, որ պիտի շահէր ախոյեանութիւնը։ Իսկ Վիգէնին նախասիրութիւնը կ՛երթար Ֆրանսային, որ իր կազմին մէջ ունէր երկու հայ խաղացողներ։ Այդ խօսակցութիւններէն մէկուն ընթացքին էր, երբ Էտուարտօ հարցուց.
– Լսածիս համաձայն ձեր Իրանի խումբին մակարդակն ալ բաւական բարձր է։
– Ես իրանցի չեմ։
– Իրանցի չե՞ս. ինչու չեմ գիտեր, բայց վստահ էի թէ իրանցի ես։ Կը ներես։ Ուրեմն ի՞նչ ազգ ես։
– Հայ,- պատասխանեց Վիգէն, «հայ»ը սովորականէն բարձր հնչելով։
– Հա՞յ,– զարմացական հարցուց Էտուարտօ – իսկակա՞ն հայ, հարազա՞տ հայ։
– Հօրմով ու մօրմով, մեծ հայրերով ու մեծ մայրերով։ Աւելի հարազատ չի կրնար ըլլալ։
Էտուարտօ, տակաւին շուարած, քիչ մըն ալ զարմացած ու կասկածոտ, բաւական մը վերէն վար քննելէ ետք ,«հարազատ» հայը, «հետեւէ ինծի» ըսելով, Վիգէնին առաջնորդեց խանութին յետսամասը, ուր տասնեակ մը գործաւորներ մեղուի պէս կ՛աշխատէին։ Մէկ կողմը լուալու եւ արդուկի վերաբերեալ հսկայ մեքենաներ կային, ուրկէ արագ անցան։ Միւս կողմը, քանի մը տարբեր չափի կարի մեքենաներ, հագուստ ձեւելու մեծ սեղան մը պատին կռթնած եւ պատին վրայ վեց ոտք երկարութեամբ ու երեք ոտք լայնքով, շրջանակուած բայց առանց ապակիի Թուրքիոյ քարտէսը։ Վիգէն քիչ մըն ալ մօտենալով, նկատեց թէ քարտէսին Արեւմտահայաստանի մասը կարմիր marker–ով սահմանագծուած էր եւ մեծ փլասթիքէ գլխով գնդասեղ մը, որուն գլխուն փոքր եռագոյն ժապաւէններ, մխրճուած էր Մուշ քաղաքին։ Վիգէն զարմացած եւ հարցական դարձաւ Էտուարտոյին, որ անմեղունակ ժպիտով մը հարցուց թէ այդ կարմիր marker–ով եղած մասը ինչ կը նշանակէ։
– Ասոնք մեր պատմական հողերն են, իսկ կարմիրով գծուած սահմանները, Ամերիկայի նախագահ Ուիլսընի գծած սահմաններն են, որոնք մեզի խոստացուած էր Սեւրի դաշնագրով։
Գոհունակութեան ժպիտ մը երեւցաւ Էտուարտոյին դէմքին ու ըսաւ։
– Հիմա վստահ եմ թէ իրապէս հայ ես։
– Ուրեմն կասկա՞ծ ունէիր։ Բայց ինծի բացատրէ թէ այս քարտէսը հոս ի՞նչ գործ ունի, մանաւանդ ո՞վ գծած է այդ կարմիրով սահմաններն ու Մուշ քաղաքը եռագոյնով ասեղած։
– Երկար պատմութիւն է, մէկ ժամէն կը գոցեմ խանութը եւ եթէ ժամանակ ունիս եւ հետաքրքրուած ես, ժամէ մը հոս եղիր։
Կարգ մը գնումներ ունէր ընելիք, զորս արագ մը վերջացնելէ ետք Վիգէն անհամբեր հասաւ, երբ Էտուարտօ նոր գոցած էր վաճառատունը։
–Պատրաստ եմ լսելու, –ըսաւ Վիգէն։
Հարաւ ամերիկացին ալ անհամբեր էր պատմելու, նաեւ բաւական զգացուած։

– 17 տարեկան էի երբ պարոն Մայք զիս քովը գործի առաւ։ Երիտասարդ էի ու սորվելու մեծ փափաք ունենալով, սովորական ժամերէս ալ աւելի կ՛աշխատէի. մանաւանդ շուտ սորվող եւ վստահելի ըլլալս պրն. Մայքին ուշադրութենէն չվրիպեցաւ եւ ես դարձայ իր նախընտրած գործաւորը։ Դերձակութեան, արդուկի եւ հագուստ մաքրելու բոլոր գաղտնիքները ինծի սորվեցուց եւ 3-4 տարի ետք գործատեղին գրեթէ ես կը դարձնէի։ Յաճախ տեսած եմ կարած կամ կերպաս ձեւած ժամանակ, պարոն Մայք պահ մը կը հանգչէր խորասուզուելով քարտէսին մէջ, նաեւ մատիտով նշաններ կը գծէր, կը սրբէր ու նորը կը գծէր։ Ցեղասպանութեան եւ ձեր կորսնցուցած հողերուն տեղեակ եմ բոլոր մանրամասնութիւններով։ Պարոն Մայքը ինծի շատ պատմած է այդ մասին։ Ինը տարի իր մօտ աշխատելէ ետք, 1970ին, պրն. Մայք խանութը ինծի ծախեց շատ, շատ աժան գինով. գրեթէ նուէր տուաւ, որուն համար երախտապարտ եմ։ Ծախելէն ետք յաճախ կը հանդիպէր, ըսելով որ այդ քարտէսն ու հին նամակները մօտ օրէն պիտի վերցնէ ու տանի։ Երկու ամիս ետք ալ չտեսայ զինք, որմէ երկու շաբաթ ետք իր դրացին եւ իմ յաճախորդ Քեվընը իմացուց, թէ տաս օր արաջ Մայքը սրտի կաթուած ունենալով զինք հիւանդանոց փոխադրած էին՝ ուր մահացած էր։ Շատ ցաւալիօրէն թաղումէն ետք տեղեակ եղայ, բայց որպէս երախտագիտութիւն տապանաքարին ծախսերը ես յանձն առի։ Այդ ամենաքիչն էր, որ կրնայի ընել վարպետիս հանդէպ։
Վիգէն լաւ մը մօտեցաւ քարտէսին, տեսնելով որ իսկապէս ալ նիզակաձեւ շատ գիծեր կային Մուշին, Կարսին, Էրզրումին (Կարին) շուրջ. մաս մը սրբուած, ապա կրկին գծուած։
– Այս գիծերը ինչ են, որեւէ գաղափար ունի՞ս։ Հարցուց Վիգէն։
– Ոչ, այդ մասին երբեք չէ խօսած։ Քսանութ տարիէ այս քարտէսն ու նամակները քովս են։ Այս քարտէսը շատ յիշատակներ ունի ինծի համար պարոն Մայքին նկատմամբ։ Բայց որոշած եմ խանութը ծախել եւ տղուս միանալ, իր Պրազիլիական ներածման յաջող գործին մէջ։ Վերջերս կը մտածէի զանոնք հայու մը յանձնել, որ անոնց արժէքը գնահատէր։ Եթէ կը խոստանաս զանոնք պահել եւ մէկ կողմ չշպրտել, կը յանձնեմ քեզի։
– Այսպիսի քարտէս մը մասունքի արժէք ունի ինծի համար։
Այդ երեկոյ, Վիգէն եւ Լիսա ընթրիքի պիտի ելլէին, որուն ընթացքին Վիգէն յափշտակութեամբ պատմեց քարտէսին, նամակներուն եւ Մայքին մասին իր ըրած յայտնութիւնը։ Լիսային համար այս բոլորը տարօրինակ թուեցան, չկարենալով թափանցել Վիգէնին հոգեզմայլանքին խորքը։ Ընթրիքէն ետք, երբ տուն հասցուց Լիսային, Վիգէն անհամբեր էր տուն հասնելու։
– Ներս պիտի չգա՞ս– զարմացած հարցուց Լիսա։
– Ոչ, պէտք է տուն երթամ այդ քարտէսն ու նամակները ուսումնասիրելու։
Լիսա յուսահատական եւ լսածին չհաւատացողի նայուածք մը նետեց Վիգէնին ու քրթմնջալով տուն մտաւ։
Երբ տուն հասաւ, Վիգէն նախ բաւական մը սերտեց քարտէսը, ապա բացաւ այն երեք հնամաշ կօշիկի տուփերը, որոնք կը պարունակէին հին, շատ հին նամակներ։ Ժամանակն ու խոնաւութիւնը մելանը հոսեցնելով, նամակներուն մեծամասնութիւնը դարձուցած էին անընթեռնելի։ Ըստ երեւոյթին անոնք գրուած էին Հալէպէն եւ կը սկսէին «Շատ սիրելի քեռի»ով եւ Մէյրի ստորագրուած։ Մաս մը որ յստակ էր, կը խօսէր մի ոմն Յակոբի նշանուելուն, Սիլվիկի մը զաւակ ունենալուն ու տարբեր անշահախնդիր հարցերու մասին։ Մէկ նամակին մէջ կրցաւ կարդալ թէ Մայքին խնդրած փոքր տոպրակ մը հողը Մուշէն, չեն կրցած իրականացնել, որովհետեւ Թուրքիոյ այդ կողմերը զինուորական զգայուն շրջաններ նկատուելով, հայերուն թոյլատրելի չէ հոն երթալ։ Թուականն ալ 195– վերջին թիւը յստակ չէր, ութը կամ ինը։ Վիգէն ետ կեդրոնացաւ քարտէսին. սերտեց Մուշն ու շրջակայքը, ուզեց հասկնալ թէ այդ նետաւոր գիծերը ի՞նչ կը ներկայացնէին։ Չկրցաւ։ Վերջապէս Վիգէն գտաւ նամակ մը ամբողջութեամբ անընթեռնելի, բացի քանի մը տողէ։ Եւ այդ տողերը, արդէն բաւական էին։ Այսպէս. «Երկու շաբաթ առաջ քեզի զինակից պարոն Լեւոնը մահացաւ։ Թող հոգին Աստուծոյ ողորմութեանը արժանի ըլլայ։ Ամէն զիս տեսնելուն խօսքդ կ՛ընէր ու աչքերը կը լեցուէին, յիշելով քու յարատեւ ու առատ նիւթական օգնութիւններդ իրեն, առանց որուն կ՛ըսէր, թէ ինք դժուար թէ ընտանիքը կարենար պահել։ Յաճախ կ՛ըսէր «քեռիդ իսկապէս բախտաւոր է, մեր փաշային կրկին հանդիպելու եւ միասին ժամանակ անցընելու Ֆրեզնոյի մէջ»։ Մանրամասն կը պատմէր ձեր ըրած արշաւանքներուն մասին եւ թէ ինչպէս քեռի, դուն օր մը փաշային……… » մնացեալը այլեւս անհասկնալի էր… սակայն Վիգէնին համար՝ Ամէն ինչ յստակ էր այլեւս։
Վիգէն կրկին անցաւ քարտէսին առջեւ, գոհ եւ անբացատրելի ուրախութեամբ մը համակուած։ Փաշան, Անդրանիկ զօրավարն էր անտարակոյս։ Իսկ քարտէսին նետաւոր գիծերը, անոնց ըրած տարբեր արշաւանքներն էին ԱրեւմտաՀայաստանի մէջ։ Սարսուռ մը անցաւ Վիգէնին մարմնէն. ուրեմն այս պարոն Մայք կոչեցեալը սովորական մահկանացու հայ մը չէր, այլ զօրավար Անդրանիկին զինուորներէն մէկը, որ փաշային հետ մասնակցած է զանազան արշաւանքներու։ Անդրանիկ փաշան զինք ի՞նչ անունով կը կանչէր արդեօք. Մուշե՞ղ, Մինա՞ս, Մկրտի՞չ, Մանուէ՞լ, թէ Միհրան, որ հոս Ամերիկայի այս թաց, ցուրտ եւ միայնակ անկիւնը հասնելով փոխուած էր «Մայք»ի եւ որ իր զինակիցին Հալէպ յարատեւ նիւթական օժանդակութիւն ղրկած ու որպէս վերջին բաղձանք, իր ծննդավայր Մուշէն, ուր ամբողջ երիտասարդութիւն մը պայքարած է, հող պահանջած, որպէսզի իր ցուրտ գերեզմանը գուցէ հայրենի հողով ջերմանայ, բայց՝ զլացուած։ Եւ պարոն Մայքը Վիգէնին հոգւույն մէջ մեծցաւ, հսկայացաւ, դարձաւ հերոս, իսկական տիտան մը։ Վիգէն կրկին անցաւ քարտէսին առջեւ, որ հիմա իսկապէս մասունք մը դարձած էր իրեն համար։
Յաջորդ օրը Շաբաթ ըլլալով, Վիգէն ուղղուեցաւ Էտուարտոյին խանութը, որ խանդավառ լսեց Վիգէնին պատմածները, ամբողջ մանրամասնութիւններով։
– Պարոն Մայքին գերեզմանը գիտե՞ս։
– Անշուշտ թէ գիտեմ, չէ՞ որ տապանաքարը ես շինեցուցած եմ։ Կը ջանամ տարին առնուազն անգամ մը երթալ, ստուգելու թէ ամէն ինչ կարգի՞ն է։
– Կրնա՞նք հոն այցելել հիմա։
– Անշուշտ,- ըսաւ Էտուարտօ եւ իր գործաւորներէն մէկուն ըսելէ ետք, թէ ժամէ մը կը վերադառնայ, Վիգէնին ինքնաշարժով հասան Էտմընտծի Floral Hills գերեզմանատան այն տապանաքարին առջեւ, որուն վրայ գրուած էր Մայք Քարլաշեան, առանց ծննդեան թուականի. մահուան թուականը կար միայն՝ Մայիս 14, 1970 եւ ազնուական հայ մը ըլլալը յիշուելէ ետք, քանի մը տող Աստուածաշունչէն։
– Թաղումին հայ կղերական կա՞ր, հայերէնով աղօթք մը ըսուեցա՞ւ, տեղեա՞կ ես արդեօք։
– Տեղեակ չեմ, ըսի արդէն չէ՞, թէ թաղումէն ետք իմացայ։
Այդ երեկոյ Վիգէն երկու շիշ գինի գնելով ուղղուեցաւ Լիսային տունը, ուր ընթրիքի հրաւիրուած էր։ Սովորականին պէս, ճաշարանէ մը ապսպրուած ճաշով, Լիսային պատրաստած աղցանով եւ գինիով սպասարկուած ընթրիքին միջոցին, Վիգէն կրկին խօսեցաւ զօրավար Անդրանիկին, Մայքին, եւ Մուշէն հող բերել տալու մասին։ Լիսային համար այս բոլորը անդրշիրիմեան պատմութիւններ էին, զինք երբեք չհետաքրքրող։
Գիտե՞ս ինչ Վիգէն, դուք հայերդ ըստ երեւոյթին ապրողներէն աւելի, ձեր մեռելներով խանդավառ էք։
– Մեր մեռելներն ու անոնց հանդէպ ունեցած մեր ակնածանքն է, որ մեզ մինչեւ քսանմէկերորդ դար կը հասցնէ։
Ընթրիքէն եւ գինիէն ետք, սիրաբանութիւնը բնական վերջակէտն էր։ Նստասենեակին մէջ Լիսա նետուելով Վիգէնին գիրկը, սիրատոչոր շրթներով սկսաւ վաւաշոտ համբուրել զայն, բայց որեւէ հակազդեցութիւն չտեսնելով զարմացած հարցուց, թէ սխալ բա՞ն մը կայ։
– Տրամադրութիւն չունիմ։
– Նորէն այդ գերեզմանի՝ մեռած հա՞յն է միտքդ։
– Այո,- ըսելով Վիգէն ոտքի ելաւ մեկնելու։
– Գիտե՞ս քանի էրիկ մարդ այս գեղեցկութեան եւ այս մարմնին կը ցանկան ու չեն հասնիր. բայց դուն Վիգէն, պարոն ՀԱՅ, կ՛անտեսես այս ցանկայարոյց մարմինը եւ մեռելներով կը հմայուիս,– ցայրացած պոռթկաց Լիսա։
Վիգէն արդէն դռնէն դուրս հասած էր։
Երբ տուն հասաւ, առաջին գործը եղաւ հեռաձայնել իր ամենամօտ ընկերոջ Զօհրապին։ Բացայայտելէ ետք ամբողջ եղելութիւնը, հարցուց թէ ի՞նչպէս կարելի է Մուշէն հող ապահովել։
– Հոս անձեր կան, որոնք ուխտագնացական ճամբորդութիւններ կը կազմակերպեն Լոս Անճելըսէն դէպի Կիլիկիա եւ Արեւմտեան Հայաստան։ Բախտաւոր ես լակոտ, երեք օրէն քրոջս աներն ու եղբայրը այդ շրջապտոյտին պիտի ելլեն։ Վստահ եղիր, ուզած հողդ երեք շաբաթէն հոս կ՛ըլլայ։
Իսկապէս ալ երեք շաբաթ չեղած, Զօհրապ հեռաձայնեց։
– Մուշէն ուզած հողդ հոս է, երբ հոս կ՛ըլլաս։
– Վաղն իսկ հոն եմ։
– Միայն մէկ բան եւս։
– Ինչ։
– Յուսամ այդ հողը թեթեւ կու գայ վրադ,– կատակեց Զօհրապ իրեն յատուկ սրամտութեամբ։
– Երբ Լոս Անճելըս հասնիմ, քեզի թեթեւն ալ ծանրն ալ ցոյց կու տամ,– խնդալով պատասխանեց Վիգէն։
Երբ Վիգէն հեռաձայնեց Լիսային, իմացնելու թէ վաղն իսկ Լոս Անճելըս կ՛երթայ, Լիսա ինք ալ ուզեց միանալ անոր։ Բայց Վիգէն կտրուկ մերժեց, ըսելով թէ հարցը այդ մահացած հայուն հողին հետ կապ ունի եւ զինք չի հետաքրքրեր։
Հեռաձայնը փակելէ ետք, Լիսա դժուարութեամբ թուքը կուլ տուաւ եւ «դուն S.O.B. քեզի ցոյց կու տամ» ըսելով հեծկլտալու սկսաւ։
Ուրբաթ կէսօրին, Վիգէն բազմած Զօհրապին ինքնաշարժին մէջ, կը քննէր Մուշէն եկած տոպրակ մը հողը եւ լաւ մը փաթթելէ ետք, կը տեղաւորէր պայուսակին մէջ։ Երկուքով կ՛ուղղուէին Վիգէնին ծնողքին տունը։ Ընտանիքին անդամներէն կարօտը առնելէ եւ ճաշելէ ետք, երկուքով գացին հին ընկերներու հանդիպելու։ Կէս գիշերը բաւական անց էր. երբ Զօհրապ իր ընկերը տուն կը վերադարձնէր, Վիգէն գաղափար մը յղացաւ։
– Կ՛ուզեմ հետս տէր հայր մըն ալ տանիլ, կարեւոր չէ Էջմիածնական կամ Անթիլիասական, լաւ կը վճարեմ. կարելի՞ է։
– Չեմ կարծեր, շատ դժուար է, բայց ես անոր ալ ճարը ունիմ, հոգ մի ըներ։
– Ինչ է նայիմ ճարդ, genius ։
– Հոլիվուտի Forest Lawn գերեզմանատան դռնէն ներս ամէն շաբաթ օր, ութը–տասը տէր հայր կը սպասէ։ Ասոնք սքեմաւոր, բայց փիլոնազուրկ եղած, կամ ալ կղերականութենէ հրաժարած անձեր են եւ այն հայ ընտանիքները, որոնք իրենց սիրելիներուն գերեզմանին այցելել կ՛ուզեն, որ խունկ ծխուի եւ աղօթք մը կարդացուի, այս անձերը կը վարձեն։
– Կը կարծե՞ս թէ մինչեւ Սիաթըլ– Էտմընտծ կու գան։
– Եթէ լաւ վճարես, հետդ մինչեւ դժոխք ալ կ՛երթան։
Շաբաթ կէսօրին երկուքով Forest Lawn գերեզմանատունն էին։ Վիգէն աչքերուն չկրցաւ հաւատալ, ամէն ինքնաշարժ որ դանդաղէր, քանի մը սքեմաւոր արագ կը մօտենային դէպի ինքնաշարժը։ Մրցակցութիւնը ուժգին էր։
– Հեռացիր, արագ հեռացիր – ըսաւ Վիգէն քահ–քահ խնդալով։
– Ինչ կայ, ինչ եղաւ նորէն։
– Ասոնք կղերէ աւելի՝ ուրիշ բան կը յիշեցնեն։
– Աւելի լաւ, դուն ալ կ՛ըլլաս իրենց ծայրագոյն…։
– Այս ապուշ կատակներդ լսելու համա՞ր երկու հազար մղոն եկայ։ Զիս մտիկ ըրէ։ Դուն շրջան մը դպիր եղած ես, ինծի հետ կու գաս եւ խունկ մը ծխելով, յարմար աղօթք մըն ալ կը կարդաս. դուն ծէսերը գիտես արդէն։
– Այս մէկը քու գործդ է, զիս մէջը մի խառներ։
Միասին կ՛երթանք, վերջացած հարց է, մի վիճիր։ Քեզի Լիսային ընկերուհի, Քրիսթինային ալ կը ծանօթացնեմ։ Թէեւ մանր եւ պստլիկ՝ սակայն հոյակապ կտոր է։ Հաց ալ կ՛ելլէ։
– Ես հացին հետ կարագ, պանիր եւ անուշ կ՛ուզեմ։ Նորէն կատակեց Զօհրապ։
– Հիմա կը հասկնամ թէ ինչու տեւական ընկերուհի մը չունիս։ Այս յիմար կատակներուդ ո՞վ կը դիմանայ։
Երկուշաբթի կէսօրէ ետք, Վիգէն, Զօհրապ եւ Էտուարտօ, պարոն Մայքին գերեզմանին խոտը քանի մը տեղ վերցնելէ եւ քիչ մը փորելէ ետք, Մուշէն եկած հողով խառնեցին, եւ խոտով ետ ծածկեցին։ Ապա Զօհրապ խունկը ծխելով, «Ի վերին Երուսաղէմ» շարականը երգեց, աւետարանէն քիչ մը կարդաց եւ ննջեցեալին հոգւոյն աղօթքով մը արարողութիւնը վերջ գտաւ, երեքին խաչակնքումով։
Երբ տուն հասան, Վիգէն հեռաձայնեց Լիսային եւ յիշելէ ետք, թէ գերեզմանի իր պարտականութիւնը ամբողջացուցած է, ըսաւ թէ մօտ ընկերն ալ հետն է եւ որ եթէ Լիսա իր ընկերուհին Քրիսթինան ալ հետը բերէ, չորսով ընթրիքի կ՛ելլեն։
– Ընկերոջդ հետ ետ գերեզման գնա եւ ընկերոջդ ալ դիակ մը գտիր ու չորսով միասին ընթրեցէք,- ըսաւ Լիսա եւ հեռաձայնը փակեց։
– Քած, իսկական քած։ Պոռաց Վիգէն եւ նկատեց, որ Զօհրապ խունկը եւ աւետարանը պայուսակէն դուրս կը հանէ։
– Ի՞նչ կ՛ընես դարձեալ։
– Կը պատրաստուիմ խունկ մը ծխելով ննջեցելոց մըն ալ քու եւ Լիսային յարաբերութեան վրայ կարդալ։
– Գիտե՞ս ինչ Զօհրապ. եթէ օր մը գործդ կորսնցնես, երբեք պէտք չէ մտահոգուիս։ Ողղակի կ՛երթաս Forest Lawn եւ այդ գերեզմանոցին ամենէն փնտռուած սքեմաւորներէն կ՛ըլլաս։ Մանաւանդ որ գեղադէմ ալ ես, դէպի ինքնաշարժները վազելու ալ պէտք չունիս, իրենք քովդ կու գան։… Կարծեմ շատ պարապ–սարապ կատակեցինք, ես թաքսի մը կանչեմ եւ երթանք, քեզի Սիաթըլին հետաքրքրական մասերը ցոյց տամ։
– Դուն ինչու չես քշեր։
– Զօրավար Անդրանիկին եւ պարոն Մայքին եւ բոլոր մեր հերոսներու կեանքն ու գործը պիտի տօնենք եւ լաւ խմելու տրամադրութիւն ունիմ։
– Ես կը քշեմ։
– Ոչ, դուն ալ պիտի խմես։
Առտուան ժամը երկուքի մօտ է եւ ամբողջ գիշերը թեթեւ անձրեւած։ Սիաթըլի Փայք շրջանը, որ նշանաւոր է իր ճաշարաններով եւ պարերով, գրեթէ ամայացած է. սակայն երկու հայեր ձեռքերնին իրարու ուսին, թեթեւ մաղուող անձրեւին տակ դանդաղ կը յառաջանան, բարձրաձայն երգելով։
ԻԲՐԵՒ ԱՐԾԻՒ ՍԱՒԱՌՆՈՒՄ ԵՍ ԼԵՌ ՈՒ ՍԱՐ … ՍՈՒՐԲ ԱՆՈՒՆԴ ՊԻՏԻ ՅԻՇՈՒԻ ԴԱՐԷ ԴԱՐ