
ՌԵՏՈՒՈՒՏ ՍԻԹԻ, Քալիֆորնիա.- Սան Ֆրանսիսքոյի Հայ Դատի յանձնախումբը իր Չորեքշաբթի, Ապրիլ 25 թուակիր հաղորդագրութեամբ կը տեղեկացնէ, թէ Սան Ֆրանսիսքոյի քաղաքապետը, ինչպէս նաեւ Սան Ֆրանսիսքօ քաղաքի ու նոյնանուն գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդները Հայկական Ցեղասպանութեան 97րդ տարելիցը ոգեկոչող հռչակագիրներ հրապարակած են այս տարի, իսկ առաջին անգամ ըլլալով անոնց միացած է նաեւ Սան Մաթէօ գաւառը, որուն վերահսկիչներու խորհուրդը միաձայնութեամբ վաւերացուցած է իր հռչակագիրը, Երեքշաբթի, Ապրիլ 24ին գումարած իր ժողովին ընթացքին:
Սան Մաթէօ գաւառի վերահսկիչ Տէյվ Փայն, որ հռչակագիրը ժողովին ներկայացուցած էր, ողջունեց անոր վաւերացումը՝ միաժամանակ ցաւ յայտնելով այն բանին համար, որ Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնները կը շարունակեն ուրանալ այս պատմական իրողութիւնը: Շրջանի հայութեան ներկայացուցիչները ներկայ եղած են վերահսկիչներու խորհուրդի վերոյիշեալ ժողովին՝ իրենց երախտապարտութիւնը յայտնելով խորհուրդին:
Աւելի կանուխ, Սան Ֆրանսիսքոյի քաղաքապետ Էտուին Լի ներկայ եղած է հայկական համայնքին կազմակերպած տարեկան ոգեկոչման ձեռնարկին, որ տեղի ունեցած է Կիրակի, Ապրիլ 22ին, Տէյվիտսըն լերան խաչին առջեւ, որ կը ծառայէ իբրեւ Հայկական Ցեղասպանութեան յուշարձան: Այդ հաւաքի ընթացքին ելոյթ ունենալով՝ քաղաքապետը Ապրիլ 24, 2012ն հռչակած է «Հայկական Ցեղասպանութեան յիշատակման օր»: