
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Չորեքշաբթի, Ապրիլ 25ի երեկոյեան, Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու տան աւելի քան 20 անդամներ իրենց մասնակցութիւնը բերած են Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման տարեկան ձեռնարկին, որ տեղի ունեցած է Ծերակոյտի «Քենետի» սրահին մէջ:
Ելոյթ ունեցողները խստօրէն քննադատած են Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան որդեգրած քաղաքականութիւնը՝ շեշտելով Ցեղասպանութիւնը յստակօրէն ճանչնալու եւ զայն դատապարտելու կարեւորութիւնը:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան ատենապետ Քեն Խաչիկեան ողջունեց մեծաթիւ քոնկրեսականներու ներկայութիւնը եւ նախագահ Պարաք Օպամայի որդեգրած քաղաքականութեան նկատմամբ՝ անոնց որդեգրած դիրքը, յոյս յայտնելով, որ այս արշաւը շարունակելով՝ կարելի պիտի ըլլայ վերջ մը դնել ճշմարտութիւնը ծածկելու Անգարայի փորձերուն:
Ոգեկոչման ձեռնարկը կազմակերպուած էր Քոնկրեսին մէջ Հայկական հարցերու համախմբումին (համանախագահութեամբ՝ Էտ Ռոյսի եւ Ֆրենք Փալոնի), ինչպէս նաեւ հայկական կազմակերպութեանց եւ Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի ու Արցախի ներկայացուցչութեանց համատեղ ջանքերով: Հանդիսավարը եղած է Կլենտէյլ քաղաքի քարտուղար Արտաշէս Քասախեանը:
Յատկանշական ելոյթներ ունեցած են Հայաստանի դեսպան Թաթուլ Մարգարեանը եւ Արցախի ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեանը, որոնք շեշտած են Քոնկրեսի հովանիին տակ կազմակերպուող այս ձեռնարկներուն, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչում ապահովելու նպատակով տարուող աշխատանքներուն կարեւորութիւնը:

Ապա, դեսպան Մարգարեան «Մխիթար Գոշ» շքանշանը յանձնած է ծերակուտական Մարք Քըրքի, Ներկայացուցիչներու տան անդամներ Աննա Էշուի ու Պրետ Շըրմընի,

անոնց երկարամեայ հայանպաստ աշխատանքներուն փոխարէն:
Ելոյթներ ունեցած են նախկին քոնկրեսական Թամ Էտրուզ եւ Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ճան Էվընզ, իսկ բացման աղօթքը կատարած է
առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեան, որ նոյն օրը կատարած էր նաեւ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի նիստի բացման աղօթքը: Առաջնորդը նաեւ աւելի քան երկվեցեակ քոնկրեսականներու հետ հանդիպումներ ունեցած է: Բակման աղօթքը կատարած է առաջնորդ Խաժակ արք. Պարսամեանի ներկայացուցիչ Օշական Ծ. վրդ. Կիւլկիւլեանը:
Յատկանշական է նաեւ, որ Օպամայի կառավարութեան կազմէն հրաւիրեալներէն ոչ մէկը ներկայ եղած է ձեռնարկին՝ ցոյց տալով, թէ կառավարութիւնը կը շարունակէ մնալ Թուրքիան գոհացնելու վիճակի մէջ: