
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վերանայելով ԵՈՒՆԵՍՔՕի ներկայացուած իր սկզբնական ցանկը՝ Թուրքիա ներկայացուցած է 13 նոր յուշարձաններ ու յուշարձանի խումբեր ընդգրկելու առաջարկ: Քննելով այդ առաջարկները, որոնց կարգին ներկայացուած էր նաեւ Անի քաղաքը, ԵՈՒՆԵՍՔՕի Համաշխարհային ժառանգութեան կոմիտէն հաստատած է զանոնք։ «ԻԿՕՄՕՍ-Հայաստան» կազմակերպութեան համաձայն, ի շարս այս ցանկին մէջ տեղ գտած իւրայատուկ 38 յուշարձանններուն, Անի պատմական քաղաքը եւս թեկնածու է ԵՈՒՆԵՍՔՕի Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ ներառուելու:
ԵՈՒՆԵՍՔՕի Համաշխարհային ժառանգութեան սկզբնական ցանկերը կը կազմուին Համաշխարհային ժառանգութեան ուխտի անդամակցող պետութիւններու կողմէ։ Անոնք ենթակայ են վերանայման առնուազն 10 տարին անգամ մը: Ընթացակարգի համաձայն, մշակութային կամ բնութեան որեւէ արժէք չի կրնար արձանագրուիլ ԵՈՒՆԵՍՔՕի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ, եթէ անիկա ներկայացուած չէ տուեալ երկրի սկզբնական ցանկին մէջ: Անիի՝ իբրեւ «բացառիկ համաընդգրկուն արժէք» Թուրքիան ներկայացուցած է համաձայն ԵՈՒՆԵՍՔՕի 2րդ, 3րդ եւ 4րդ դասակարգերով: Այդ հիմնաւորման մէջ մասնաւորապէս նշուած է Անիի ճարտարապետական դպրոցի մեծ ազդեցութիւնը տարածաշրջանին մէջ եւ անոր սահմաններէն դուրս, Անին՝ որպէս հայկական մշակոյթի, արուեստի ու ճարտարապետութեան, քաղաքաշինութեան, ինչպէս նաեւ ռազմապաշտպանական ճարտարապետութեան եզակի օրինակ: Առաջարկի հիմնաւորման մէջ նշուած է նաեւ, որ 1001 թուականին Տրդատ ճարտարապետի կողմէ կառուցուած Անիի Գագկաշէն Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ յօրինուածքը շեշտակի կերպով կը կրէ 7րդ դարու կէսին կառուցուած Զուարթնոցի տաճարի ազդեցութիւնը, ինչպէս նաեւ կարելի է հանդիպել բիւզանդական շատ եկեղեցիներ, որոնք կրած են Անիի եկեղեցիներու յատակագծային ազդեցութիւնը: