
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական թերթեր կը հաղորդեն, թէ Տիգրանակերտի (Տիարպեքիր) Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ վերանորոգութիւնն ու բարեզարդութիւնը, որոնք սկսած էին 2010ին, ստիպողաբար ընդհատուեցան՝ նիւթական միջոցներու չգոյութեան պատճառով։
Տիարպեքիրի քաղաքապետութեան կողմէ տրամադարուած 1 միլիոն լիրայով, ինչպէս նաեւ հայ համայնքի 1 միլիոն լիրայի հանգանակութիւններով, Ս. Կիրակոս եկեղեցին նորոգուած էր ու 2011ի Հոկտեմբերին պաշտամունքի վերաբացուած էր հանդիսաւոր պայմաններու մէջ։ Սակայն եկեղեցւոյ մատրան, զանգակատան ու յարակից շէնքերու վերանորոգութիւնը ընդհատուեցաւ, որովհետեւ բաւարար դրամ չկայ։
Եկեղեցւոյ համար Մոսկուայի մէջ պատրաստուած է 100 քիլօկրամ ծանրութեամբ ու սոխաձեւ գլուխով պրոնզեայ զանգակ մը, որ յառաջիկային Թուրքիա պիտի բերուի։ Եկեղեցւոյ առաջին զանգակատունը 1883ին շանթահարումի մը հետեւանքով քանդուած էր, այնուհետեւ, հայ վարպետ Դաւիթ Հըզըրճեանի կողմէ պատրաստուած էր 29 մեթր բարձրութեամբ ոսկեայ խաչով զանգակատուն մը, որ 1915ին, քաղաքի մինարէներէն բարձր ըլլալուն պատճառով՝ քանդուած էր թնդանօթներու հրազարկերով։