ԵՐԵՒԱՆ, «Թեր»չ.- Թուրք պատմաբան Թաներ Աքչամ, ի պատասխան Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի պնդումներուն, թէ ոեւէ մէկը թուրք ժողովուրդը ցեղասպան չի կրնար անուանել՝ յիշեցուցած է Թալէաթ փաշային կողմէ ուղարկուած երեք հեռագիրներ:
«Երկխօսութիւն սկսիլը չէ նպատակս, այլ պարզապէս կը փափաքիմ, որ վարչապետը բացատրութիւն տայ Օսմանեան կայսրութեան որոշ փաստաթուղթերուն», իր արարքը մեկնաբանած է Աքչամ:
Անոր ներկայացուցած առաջին հեռագիրը կը պատկանի Թալէաթ փաշային եւ կը թուագրուի՝ 29 Օգոստոս 1915: Հեռագիրին մէջ գրուած է. «Օգոստոս 29ի դրութեամբ, Հայկական հարցը լուծուած կարելի է համարել եւ այլեւս պէտք չէ դիմել անհարկի բռնութեան»:
«Հարցս շատ պարզ է, պարո՛ն վարչապետ, տասը տարի է որ կառավարութիւն կը ղեկավարէք: Ներքին գործոց նախարարը հարկաւոր կամ անհարկի բռնութիւնն ինչո՞ւ կը տարանջատէ: Որո՞նք են հարկաւոր եւ անհարկի բռնութիւններուն տարբերութիւնները, կամ, երբ կը նշուի, որ «խնդիրը լուծուած է»՝ ի՞նչ կը կարծէք… ի՞նչ խնդիրի մասին է խօսքը:
«1.5-2 միլիոն հայեր տեղահանեցին, տեղաւորեցին Սուրիոյ մէջ, սակայն իրենց ազգային դատի լուծումը պահանջող հայերը ինչպէ՞ս հրաժարեցան իրենց պահանջներէն: Բռնի ուժով այլ տեղ տեղափոխուելու ժամանակ ինչո՞ւ պէտք է դադրէր հետապնդել զայն: Կամ ի՞նչ կը նշանակէ՝ «ազգային դատը չհետապնդելու վիճակին հասցնել», հարց ուղղած է Աքչամ:
Ան մէջբերումներ ըրած է նաեւ Նայիմ Պէյի յուշերուն մէջ տեղ գտած հեռագիրէն, որ կը թուագրուի՝ Նոյեմբեր 1915: Հեռագիրին բնօրինակը չէ պահպանուած, սակայն անիկա թարգմանուած է հայերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներու:
«Հայերուն աքսորը երկրի ապագային բարեկեցութիւնը ապահովելու համար է: Քանի որ ո՛ւր ալ հաստատուին անոնք, իրենց անիծուած միտքերէն պիտի չհրաժարին, եւ ատոր համար ալ անոնց թիւը հնարաւորինս կրճատած ենք», ըսուած է հեռագիրին մէջ:
Թաներ Աքչամի խօսքերով, այսպիսով պարզ կը դառնայ, որ հայերուն թիւը հնարաւորինս կրճատուած է՝ Հայ Դատը հետապնդելու հնարաւորութիւն չտալու համար: Ըստ անոր՝ այլ ճանապարհներ նոյնպէս կիրառուած են: Անոնցմէ մէկն ալ եղած է հայ ժողովուրդի պատմական եւ մշակութային ժառանգութեան վերացումը:
«Ատիկա նոյնպէս ես չեմ ըսած, Թալէաթ փաշան ըսած է: 7 Սեպտեմբեր 1916 թուագրուող փաստաթուղթին մէջ կը պատմուի, թէ ինչպէ՛ս Սիսի մէջ գտնուող Հայկական կաթողիկոսութեան գոյքը բռնագրաւուեցաւ, իսկ կաթողիկոսը աքսորուեցաւ: Ճեմալ փաշային ուղղուած հեռագիրին մէջ կը խօսուի այն մասին, թէ Կիլիկիան կաթողիկոսութեան հսկայական հարստութիւնները բռնագրաւուեցան կամ վերացուեցան: Այս բոլորը, հաւանաբար, մեր վարչապետը չի գիտեր, բայց մենք գիտենք ու չենք կրնար պնդել, որ մեր ժողովուրդը ցեղասպանութիւն չէ գործած: Այս երկրին մէջ կատարուածը մէկու մը կողմէ եղած է… եթէ անիկա մենք չենք, ապա ո՞վ է արդեօք», գրած է Աքչամ: