ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի կայքէջին համաձայն, նախագահական ընտրութիւններուն առաջադրուած է Հայաստանի պետական գիւղատնտեսական համալսարանի Ստեփանակերտի մասնաճիւղի ուսումնագիտական աշխատանքներու փոխտնօրէն, անկուսակցական Արկադի Իւանի Սողոմոնեան (1962ի ծնունդ):
Սողոմոնեանէն բացի, իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած են նաեւ երկու անձեր՝ Ազգային ժողովի պատգամաւոր, ԼՂՀի պաշտպանութեան նախկին փոխնախարար, Արցախի հերոս Վիտալի Բալասանեան եւ Արցախի գործող նախագահ Բակօ Սահակեան: Յիշեցնենք, որ թեկնածութիւններու առաջադրման վերջնական ժամկէտը 4 Մայիսն է, իսկ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 19 Յուլիսին։