ԵՐԵՒԱՆ, «Թեր»չ.- Հայաստանի վեց կուսակցութիւններ ստորագրած են միացեալ յայտարարութիւն մը, որ կը վերաբերի ընտրութիւններուն ընթացքը տեսանկարահանելու որոշումին:
«Մենք՝ Բարգաւաճ Հայաստան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, Հայաստանի Դեմոկրատական, Հայաստանի Կոմունիստական, Հայաստանի Հանրապետական եւ Օրինաց Երկիր կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներս, կարեւոր համարելով 2012 Ազգային ժողովի ընտրութիւններու իրականացման որակը ու պատշաճ վերահսկողութիւն իրականացնելու անհրաժեշտութիւնը, եւ հիմք ընդունելով ՀՀ Ընտրական օրէնսգիրքի 6րդ, 48րդ եւ 67րդ յօդուածներուն դրոյթները՝ որոշեցինք դրսեւորել միասնական կամք, միաւորել մեր հնարաւորութիւնները եւ համատեղ ջանքերով ՀՀ հնարաւորինս մեծաքանակ ընտրական տեղամասերու մէջ իրականացնել քուէարկութեան գործընթացի եւ արդիւնքներու ամփոփման տեսանկարահանում՝ չխախտելով քուէարկութեան գաղտնիութիւնը:
«Իւրաքանչիւր մասնակից կուսակցութեան վստահուած անձի կատարած տեսանկարահանումը՝ ըստ պահանջի՝ պիտի տրամադրուի միւս մասնակից կուսակցութեան: Սոյն յայտարարութեան կրնան միանալ Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն համամասնական կարգով մասնակցող միւս կուսակցութիւնները», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Նկատելի է, որ յայտարարութեան չեն միացած Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն համամասնական կարգով մասնակցող միւս կուսակցութիւնները՝ «Միաւորուած Հայեր»ը, «Ժառանգութիւն»ը, եւ Հայ Ազգային Կոնգրես դաշինքը:
Շուրջ մէկ շաբաթ առաջ, «Թերթ.ամ»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին, ԲՀԿի (Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան) նախընտրական ժամանակաւոր յանձնախումբէն յայտնած էին, որ Մայիս 6ի ԱԺ ընտրութիւններուն օրը, ԲՀԿն բոլոր 1982 ընտրատեղամասերուն մէջ նկարահանում պիտի իրականացնէ: Իսկ յանձնախումբի պետ Վարդան Վարդանեան նշած էր, որ այդ նպատակին համար ԲՀԿ նախընտրական յանձնախումբը որեւէ գումար պիտի չյատկացնէ, որովհետեւ այս մասով ծախս նախատեսուած չէ: «Մենք մեր ներկայացուցիչներին ասել ենք, որ ամէն մէկն իր սեփական օգտագործման տեսախցիկը բերի ու նկարի», պարզաբանած էր Վարդանեան:
Նշենք, որ Ընտրական օրէնսգիրքը կը նախատեսէ, որ ընտրութիւններուն մասնակցող քաղաքական ուժի վստահուած անձը կամ ներկայացուցիչը կրնայ նկարահանել ընտրական գործընթացը՝ բացառութեամբ քուէախուցէն: Սակայն, Ընտրական օրէնսգիրքի մշակման ընթացքին բազմաթիւ քաղաքական ուժեր նշած էին, թէ այս միջոցը շատ սուղ հաճոյք է: