
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Լոս Անճելըս գաւառէն ներս գործող «Վարդանանց Ասպետներ»ու Լոս Անճելըսի, Փասատինայի եւ Սան Ֆերնանտօ հովիտի մասնաճիւղերուն տարեկան 47րդ ճաշկերոյթին, որ տեղի ունեցաւ Փետրուար 12ին, մեծարուեցան շրջանէն 10 կրթական մշակներ:
Աւելի քան 275 անձի ներկայութեամբ, Պըրպենքի «Տիլաքս» ճաշարանին մէջ կայացած ճաշկերոյթին հանդիսավարն էր դոկտ. Ճան Ֆարսաքեան, իսկ կազմակերպութեան հարաւարեւմտեան շրջաններու ներկայացուցիչ Վիգէն Մուրատեան կատարեց մրցանակաբաշխութիւնը, տեղեկութիւններ տուաւ կազմակերպութեան գործունէութեան մասին եւ կարդաց գլխաւոր հրամանատար դոկտ. Տենիս Փափազեանի յղած նամակը: Մուրատեան ծանրացաւ յատկապէս Հայաստանի կրթական համակարգին նեցուկ կանգնելու աշխատանքներուն եւ կազմակերպութեան հարիւրամեակը տօնակատարելու աշխատանքներուն վրայ:
Մեծարուեցան հետեւեալ կրթական մշակները. Գափրիէլ Ինճէճիկեան, դոկտ. Օննիկ Քէշիշեան, դոկտ. Լեւոն Մարաշլեան, դոկտ. Վահրամ Շէմմէսեան, Ալիս Պետրոսեան, փրոֆ. Տիգրան Հայրապետեան, դոկտ. Պերճուհի Քուքէյեան, Հերմինէ Մահսէրէճեան, դոկտ. Քրիս Միրզայեան եւ դոկտ. Ուէյն Կերթմանեան:
Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր: