ՊԸՐՊԵՆՔ.- Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հովանաւորութեամբ, «Աթանեան» արուեստի կեդրոնի գործակցութեամբ, Հինգշաբթի, Մայիս 10ին, երեկոյեան ժամը 7ին առաջնորդարանի «Զօրայեան» թանգարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ Արմէն Աթանեանի «Հայերէն խաղեր եւ աւանդութիւններ» ցուցահանդէսը:
Տեղեկութիւններու համար հեռաձայնել առաջնորդարանի գրասենեակ՝ (818) 558-7474 եւ կամ «Աթանեան» արուեստի կեդրոն՝ (818) 551-0307 թիւերով: