
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման ջանքերուն մէջ, այս տարի շօշափելի արդիւնքներու հասնիլը հաւանական է. այս մասին յայտնած է Հարաւային Կովկասի մէջ ԵԱՀԿ գործող նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Փաթրիք Մըրֆի, «Պիզնըս Եիր» թերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին:
Ըստ անոր՝ տագնապի լուծման համար շօշափելի յառաջխաղացք պիտի ապահովուի կողմերու քաղաքական կամքին եւ միջազգային հանրութեան ջանքերուն շնորհիւ:
«Ես, իբրեւ Հարաւային Կովկասի մէջ յատուկ ներկայացուցիչ, պէտք է նպաստեմ ասոր, որպէսզի բոլոր կողմերը ներգրաւեմ տարածաշրջանին մէջ առկայ հակամարտութիւններու լուծման գործին: Միաժամանակ, ես կը հիմնուիմ Իրլանտայի փորձին վրայ, սակայն ինչպէս յայտնի է, երկու միատեսակ հակամարտութիւններ չկան», ըսած է Մըրֆի:
Անոր համաձայն՝ շփման գիծին վրայ մահուան դէպքերու զգալի թիւը լուրջ անհանգստութիւն կը պատճառէ եւ ցոյց կու տայ, թէ հրադադարը ամրապնդելու համար անյապաղ միջոցառումեր պէտք է որդեգրուին:
«Արձակազէններու հեռացումը շփման գիծէն եւ ուժի կամ անոր դիմելու սպառնալիքէն հրաժարիլը, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿի հետագայ դիտարկումները պիտի նպաստեն կողմերուն միջեւ վստահութեան աճին եւ կայունութեան ու ապահովութեան երաշխաւորման», աւելցուցած է ան:
Ան նաեւ ընդգծած է, որ Արցախի հակամարտութեան լուծման միակ կառոյցը կը հանդիսանայ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակը: