
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած է զօրահանդէս՝ նուիրուած Շուշիի ազատագրութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի հիմնադրութեան 20ամեակին, ինչպէս նաեւ՝ Հայրենական մեծ պատերազմին ընթացքին արձանագրուած յաղթանակի 67ամեակին։
Ստեփանակերտի կեդրոնական հրապարակին վրայ տողանցած են հետեւակներ, զրահապատներ, արագ արձագանգման, հրետանային, հակահրասայլային զօրքերու ստորաբաժանումները, հրետանային կրակ բացող համակարգերը, թնդանօթներ եւ ռազմական տարբեր սարքեր: Ներկաներուն ուշադրութիւնը կեդրոնացաւ հայկական արտադրութիւն եղող անօդաչու թռչող սարքերուն վրայ:
Նշենք, որ հայկական արտադրութիւն եղող անօդաչու թռչող սարքերը առաջին անգամ ըլլալով ցուցադրուած էին նախորդ տարուան աշնան՝ Երեւանի մէջ կայացած զօրահանդէսին ընթացքին: Անոնք իրենց կարողականութեամբ եւ հզօրութեամբ չեն զիջիր արտասահմանեանին։
Ստեփանակերտի տօնական զօրահանդէսը եզրափակուեցաւ զինուորական շեփորախումբի եւ պատուաւոր պահակագունդի իւրայատուկ տողանցքով։
Ռազմական շքերթին հետեւած են հայկական երկու պետութիւններու նախագահներ Սերժ Սարգսեանը եւ Բակօ Սահակեանը, ԼՂՀ նախկին նախագահներ Ռոպերթ Քոչարեանը եւ Արկադի Ղուկասեանը, նաեւ՝ իշխանական կառոյցներու ներկայացուցիչներ:
Ստեփանակերտի բնակիչներուն կողքին շքերթը դիտելու նպատակով հոն ուղղուած են աշխարհի տարբեր ցամաքամասերէ Ղարաբաղ գտնուող հիւրեր եւ հայաստանցիներ։