
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Երկուշաբթի, 7 Մայիսին Լիբանանի Մամլոյ սենտիքայի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանեան մամլոյ՝ Նահատակներու յիշատակի օրուան նուիրուած հանդիսութիւն մը, որուն ընթացքին յատուկ յուշանուէրներ յանձնուեցան 50 տարիէ ի վեր լիբանանեան մամուլին ծառայած 14 վաստակաւորներու, որոնց կարգին՝ «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրական կազմի երկար տարիներու բազմավաստակ անդամներէն հրապարակագիր, գրող, բանաստեղծ եւ մտաւորական Շահանդուխտին:
Հանդիսութեան իշխանութեան երեք պետերը կը ներկայացնէր տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք:
Լիբանանի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք խօսք առաւ Մամլոյ սենտիքայի նախագահ Մոհամմետ Պաալպեքի, որ դիտել տուաւ, թէ իւրաքանչիւր 6 Մայիսի ոգեկոչումով, աւելի եւս կ՛ամրապնդուի ազատ խօսքի, համոզումի համար պայքարելու կամքը, անգամ մը եւս լուսարձակի տակ կը բերուի Լիբանանի մէջ լրագրութեան խաղացած կարեւոր եւ մեծ դերակատարութիւնը, յատկապէս որովհետեւ անիկա կը շարունակէ իր այս առաքելութիւնը՝ նպատակադրելով ազատ խօսքի ու արտայայտութեան ճամբով հանրութեան փոխանցել ո՛չ միայն Լիբանանի, այլ նաեւ համայն աշխարհին մէջ տեղի ունեցող զարգացումները: Ան յատուկ կերպով լուսարձակի տակ առաւ այն անհամար զոհողութիւնները, զորս կատարեց լիբանանեան լրագրութիւնը՝ խօսքի ազատութեան բագինին:
Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ նախարար Տաուք վեր առաւ մամուլին ունեցած մեծ, նուիրական եւ կարեւոր դերակատարութիւնը:
Ապա տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու յանձնումը:
Հայ մամուլի նուիրեալներէն Շահանդուխտի պարգեւատրման ներկայ եղող Հայկական երեսփոխանական խմբակի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այս առիթով յայտնեց, որ այս պարգեւատրումը Շահանդուխտի անձին ընդմէջէն կը փոխանցուի «Ազդակ»ին եւ լիբանանահայ մամուլին ընդհանրապէս: Ան շեշտը դրաւ լրագրական ասպարէզի կարեւորութեան վրայ՝ հաստատելով, որ անիկա պէտք է մնայ ազատ, որպէսզի կարենայ իրեն վստահուած առաքելութիւնը կատարել:
Պարգեւատրուելէ ետք, Շահանդուխտը Մամլոյ սենտիքայի նախագահ Մոհամմետ Պաալպեքիի յանձնեց իր «Սանինէն æուր Խմեցինք»՝ Լիբանանի նուիրուած գիրքին արաբերէն թարգմանութիւնը: