ՊՈԼԻՍ.- Հինգշաբթի, Ապրիլ 26ի յետմիջօրէին, Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի սրահին մէջ աշակերտները ներկայացուցին հանդէս մը՝ քնարերգակ բանաստեղծ Պետրոս Դուրեանի գրականութեան նուիրուած։ Այս հանդէսը պատրաստուած էր վարժարանի հայերէն լեզուի ուսուցչուհիներ Պայծառ Եիւճէճանի եւ Ժպտուն Զուռնաճըի կողմէ։ Ներկայ էին վարժարանի չորրորդէն ութերորդ դասարանի բոլոր աշակերտները, ուսուցիչներն ու ծնողներ։ Ներկայ էին նաեւ Պաքըրգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Եղիշէ վրդ. Ուչքունեան, ասմունքող Սիլվա Կոմիկեան, որ հրաւիրուած էր Պետրոս Դուրեանի գրականութենէն նմոյշ մը հրամցնելու համար աշակերտներուն, «Մարմարա» օրաթերթի փոխխմբագրապետ Մաքրուհի Պ. Յակոբեան, Տատեան վարժարանի նախկին տնօրէնուհի Հերմինէ Պենլիօղլու, ինչպէս նաեւ մամլոյ ներկայացուցիչներ։
Հանդէսին բացումը կատարեց վարժարանի տնօրէնուհի Ալիս Պայրամ, որ ողջունեց ներկաները եւ հակիրճ բացատրութիւններ տուաւ Պետրոս Դուրեանի գրականութեան եւ այս ուղղութեամբ իրենց տարած աշխատանքին մասին։
Սրահին պատերը զարդարուած էին Պետրոս Դուրեանի բանաստեղծութիւններէն ընտրուած խորագիրներով եւ նկարներով։ Նախ, երաժշտութեան ընկերակցութեամբ, պաստառին վրայ երեւցան Պետրոս Դուրեանի նկարները՝ զանազան նկարիչներու վրձինով արտաբերուած։ Այնուհետեւ հանդէս եկաւ վարժարանի աշակերտուհիներէն՝ Թալիա Տուրմազ, որ զգայուն ոճով արտասանեց «Մարմարա»ի փոխ-խմբագրապետին «Բուռ մը հող իր ծննդավայրէն» բանաստեղծութիւնը՝ գրուած Պետրոս Դուրեանի գանկը Հայաստանի Պանթէոնին մէջ տեղադրելու առիթով։ Ապա աշակերտներ բեմին վրայ շարուեցան կարգաւ՝ ներկայացնելով Պետրոս Դուրեանի գրական դիմագծութիւնն ու բանաստեղծին բերած նպաստը մեր գրականութեան մէջ։
Աւարտին, բեմ հրաւիրուեցաւ Սիլվա Կոմիկեան, որ աշակերտներուն ներկայացուց Պետրոս Դուրեանի երկրաշունչ բանաստեղծութիւններէն «Տրտունջք»ը: