
ՊԸՐՊԵՆՔ, ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Մեթիու սարկաւագ Աշի քահանայական կոչման կարգը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, Ապրիլ 27ի երեկոյեան ժամը 7ին, առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ: Օրուան խարտաւիլակն էր Արշակ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան: Կոչման արարողութեան ընթացքին, Տաթեւ քհնյ. Յարութիւնեան եւ Աւետիս քհնյ. Աբովեան ընծայեալը ներկայացուցին ձեռնադրիչ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանին: Ընծայեալը ծնրադիր մօտեցաւ սրբազան հօր: Պատշաճ շարականները մեներգեց Նարեկ Ա. քհնյ. Մատարեանը:
Սրբազանը հարցաքննեց ընծայեալին նկարագիրը, այս սուրբ կոչումին արժանի ըլլալու կարողութիւնը եւ կրօնական գիտելիքները: Ընծայեալը հաստատեց ուղղափառ դաւանութիւնը՝ խոստանալով հետեւիլ եւ աշակերտել ուղղափառ հաւատքով ապրած եւ քարոզած եկեղեցւոյ սուրբ հայրապետներուն: Ընծայեալը այնուհետեւ կարդաց «Դաւանութիւն Ուղղափառ Հաւատոյ»ն՝ հաստատելով իր ուղղափառ վարդապետութիւնն ու դաւանութիւնը՝ ըստ Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ: Ապա սրբազանը տուաւ իր հոգեւոր պատգամը:
Քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման կարգը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Ապրիլ 29ին, Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Յովհաննէս Հայց. եկեղեցւոյ մէջ:
Աւետարանի ընթերցումէն առաջ, ընծայեալը զինք ներկայացնող Արշակ Ա. քհնյ. Խաչատուրեանի առաջնորդութեամբ ծնրադիր բարձրացաւ բեմ, ուր սրբազանը դարձեալ անոր հաւատքն ու ուղղափառ դաւանութիւնը հաստատելէ ետք, պատշաճ աղօթքով զայն ձեռնադրեց: «Աստուածային եւ երկնաւոր շնորհ…» շարականի երգեցողութեամբ՝ ընծայեալը իր դէմքը ժողովուրդին դարձուցած եւ ձեռամբարձ հրաժարեցաւ աշխարհիկ կեանքի պատրանքներէն:
«Ողջոյն»էն առաջ սրբազանը յատուկ աղօթքներով ընծայեալին տուաւ պատարագի զգեստի զանազան մասերը: Ապա ընծայեալը քահանայական լրիւ հանդերձանքով ներկայացաւ սրբազան հօր: «Առաքելոյ Աղաւնոյ» շարականի երգեցողութենէն ետք, սրբազանը միւռոնով օծեց Մեթիու սարկաւագին ճակատը, աջ ու ձախ ափերը՝ զինք վերակոչելով Մեսրոպ քահանայ: Սրբազանը Ս. հաղորդութիւն պարունակող սկիհը տէր Մեսրոպին յանձնեց եւ իրաւունք շնորհեց անոր պատարագ մատուցանելու: Ապա նորընծայ քահանան իր անդրանիկ օրհնութիւնը տուաւ հաւատացեալ ժողովուրդին, որմէ ետք սրբազանը տուաւ իր հոգեւոր պատգամը:
Պատգամէն ետք, սրբազանը եւ ապա բոլոր հոգեւորականները եւ Ս. սեղանին սպասարկողները, մի առ մի մօտենալով համբուրեցին նորաօծ քահանային ճակատն ու ձեռքերը: Մեծ թիւով հաւատացեալներ Ս. հաղորդութիւն ստացան սրբազանէն, ապա նորընծայ քահանային ձեռքը համբուրեցին եկեղեցւոյ դասին մէջ:
Պատարագի աւարտին բակին մէջ տօնախմբութիւնն ու հոգեկան ցնծութիւնը շարունակուեցաւ՝ շարականներու երգեցողութեամբ:
Արարողութեանց աւարտին եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդը կազմակերպած էր պաշտօնական ճաշկերոյթ՝ ի պատիւ նորընծայ քահանային: Երեկոյի գլխաւոր խօսողներն էին Թեմական խորհուրդի ատենապետ Արմէն Համբար, ձեռնադրութեան կնքահայր Փիթըր Ապաճեան, Հայց. եկեղեցւոյ երիտասարդաց կազմակերպութենէն Տէյվիտ Օճաքեան: Նորընծայ տէր հայրը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց առաջնորդին, եկեղեցւոյ Ծխական խորհուրդին, ձեռնադրութեան յանձնախումբին, ծուխի յարակից կազմակերպութիւններուն եւ համայն հաւատացեալներուն:
Ճաշկերոյթին հիւրաբար ներկայ էին Խորէն Ա. քհնյ. Հապէշեան, Ուքրանական ուղղափառ եկեղեցւոյ Ս. Միքայէլ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ալեքսիս քհնյ. Լիմոնսժենքօ, վերապատուելի Ներսէս Պալապանեան, վերապատուելի Ճէյմզ Գիզիրեան եւ Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի անդամ Ճօ Սիմիթեան: Պետական կարգ մը պաշտօնեաներ շնորհաւորագիրներ առաքած էին: Նորաօծ տէր հայրը իր հոգեւոր խորհրդածութեանց եւ պատրաստութեան «քառասունք»ի շրջանին, որպէս հոգեւոր ուսուցիչ պիտի ունենայ Արշակ Ա. քհնյ. Խաչատուրեանը, եւ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ իր անդրանիկ պատարագը պիտի մատուցանէ Կիրակի, Յունիս 3ին: