
Երեւանի բնագիտութեան հիմնարկի վարիչ եւ Հայաստանի Անջրպետային ճառագայթային բաժանմունքի պետ փրոֆ. Աշոտ Չիլինկարեան Ապրիլ ամսուան ընթացքին հրաւիրուած էր Իտալիոյ մէջ գտնուող Եւրոպական անջրպետային հիմնարկի կեդրոնատեղին, մասնակցելու համար խորհրդաժողովի մը, որուն ընթացքին ան առիթը ունեցած է ծանօթանալու իտալական «Աճիլ» անջրպետային արբանեակին հնգամեայ ուսումնասիրութեան մանրասնութեանց:
Այս առիթով, փրոֆ. Աշոտ Չիլինկարեան նաեւ միջազգային անջրպետագէտներու ներկայացուցած է Արագած լերան վրայ գտնուող Անջրպետային ճառագայթային բաժանմունքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի հայ գիտնականներուն, ներառեալ դոկտ. Բագրատ Մայիլեանի գիւտերը, որոնք կ՛առնչուին փոթորկածին ամպերէն դէպի երկիր եւ դէպի անջրպետ արձակուող ճառագայթներուն:
Այս գիւտերը վերջերս ներկայացուցած են նաեւ Ամերիկեան բնագիտական ընկերակցութեան «Ֆիզիքըլ Ռիվիու» թերթին մէջ լոյս տեսած երեք յօդուածներով:
Անջրպետային ճառագայթային բաժանմունքի գործունէութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել www.crdfriends.org կայքը: