
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Համաձայն Արեւմտեան թեմի աւանդութեանց եւ հանդիսապետութեամբ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, Հինգշաբթի, Մայիս 17ի առաւօտեան ժամը 10ին, Ս. պատարագ պիտի մատուցուի Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Պիտի պատարագէ ու պիտի քարոզէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեանը:
Պատարագէն ետք, ժամը 11:30ին, առաջնորդ սրբազան հօր հովանա-ւորութեամբ եւ ներկայութեամբ, Ազգ. առաջնորդարանի Տիկնանց օժանդակ մարմինին կազմակերպութեամբ տեղի պիտի ունենայ Համբարձման տօնի աւանդական ճաշկերոյթը, Կլենտէյլի «Brandview» ճաշասրահին մէջ: Հիւրընկալներն են՝ Նորա Պզտիկեան, Սադիկ Տէր Յովհաննէսեան, Մարօ Ֆէրմանեան եւ Միրնա Քաջարեան: Հանդիսավարն է Հուրիկ Ապտուլեան:
Համբարձման տօնին մասին պիտի խօսի Խաչիկ սարկաւագ Շաննագեան:
Գեղարուեստական յայտագիրի բաժինով ելոյթ պիտի ունենայ երգիչ Գագիկ Պատալեան: Պիտի կատարուին աւանդական վիճակաձգութիւն եւ խմբային երգեցողութիւն:
Մուտքի նուէրն է 45 տոլար: Տոմսերու համար կարելի է հեռաձայնել Ազգ. առաջնորդարան: