
ԵՐԵՒԱՆ, «Առաջին լրատուական».- Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ ՀՅԴ համանախագահ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեանը, խօսելով Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտէն հայ համայնքին ունեցած ակնկալութիւններուն մասին՝ յայտնած է, որ Հոլանտ հայութեան խոստացած է չարտօնել Թուրքիոյ անդամակցութիւնը Եւրոպական Միութեան։
«Առաջին լրատուական»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, Մ. Փափազեան նշած է, որ Հոլանտ հայ համայնքին խօսք տուած է, որ իր նախագահութեան առաջին հան-գրուանին իսկ քուէարկել պիտի տայ Ցեղապասնութեան հերքումը քրէականացնող նոր օրինագիծը: Մ. Փափազեանի համաձայն, նախագահին կարծիքով, այդ օրէնքը պէտք է մշակուի՝ յարգելով սահմանադրութեան սկզբունքները, պէտք է աշխատիլ Սահմանադրական դատարանի խորհուրդի եւ պետութեան բոլոր մարմիններուն հետ, նախապէս պէտք է իրաւական ապահովութիւն ստեղծուի օրէնքի համար, որպէսզի անիկա չմերժուի:
«Երկրորդը՝ ան յայտարարեց, որ եթէ նախագահ դառնայ, Թուրքիա պիտի չանդամակցի Եւրոպական Միութեան. ինք պայման պիտի դնէ, որ այդ մէկը ընելու համար Թուրքիա պէտք է ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը», նշած է Մ. Փափազեանը:
Անդրադառնալով իր եւ Ֆրանսուա Հոլանտին միջեւ նախապէս կայացած համագործակցութիւններուն՝ Փափազեան նշած է, որ 15 տարիէ ի վեր համայնքը կ՛աշխատի Հոլանտի հետ, ան միշտ իր խօսքին տէրը եղած է, երբեք սուտ չէ խօսած եւ խոստացած է ընել միայն այն, ինչ որ կրնայ։ «Օրինակ, Լեռնային Ղարաբաղի հարցին գծով ան յայտարարած է, որ այս հարցին լուծումը կը տեսնէ միայն ժողովուրդին կամքը յարգելու տարբերակին մէջ, այլ ելք չկայ։ Ան յայտնած է, որ Ղարաբաղը պէտք է անկախ կերպով գործէ եւ անկախութիւն ստանայ», նշած է Փափազեան։ Ան աւելցուցած է, որ Հոլանտ նպատակ ունի Հայաստանի հետ կապերը ամրապնդելու եւ զարգացնելու՝ քաղաքական, տնտեսական եւ կրթական բնագաւառներուն մէջ։ Մուրատ Փափազեան ըսած է, որ ֆրանսահայութիւնը հետեւողական պիտի ըլլայ եւ պահանջէ նախագահէն՝ իր խոստումները կատարել։ «Նոյնիսկ եթէ Հոլանտը մեր բարեկամն է, ոչինչ կը փոխուի, մենք բաւական խստութեամբ պէտք է պահանջենք», ընդգծած է Մուրատ Փափազեան: