ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Մինչեւ վերջնական՝ վախճանական յաղթանակ, մինչեւ Հայ Դատի արդար լուծման փառաւոր պահը, անընդմէջ ու հանգրուանէ հանգրուան սաստկացող պայքար պէտք է տարուի: Պայքարի դրօշը այսօր վեր պահած սերունդը իր աչքերը սեւեռած է հերթափոխը ստանձնելու պատրաստուող նորեկներուն, յաջորդ սերունդի տղոց ու աղջիկներուն, մեր փայլուն երիտասարդութեան վրայ:
Այդ երիտասարդները գիտակից են իրենց պատասխանատուութեան. անոնք պատրաստ են դիմագրաւելու բոլոր մարտահրաւէրները: Այդ երիտասարդներուն, սակայն, պարտաւոր ենք օժտել այնպիսի հնարաւորութիւններով, այնպիսի միջոցներով, որպէսզի անոնք, առարկայական պայմաններու պատճառով օրէ օր ահագնացող խոչընդոտները յաղթահարելու իրենց զինանոցը հարստացնեն:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի հիմնադրամը իր կարեւոր ծրագիրներու շարքին կը դասէ մեր նոր սերունդի պատրաստութեան, անոնց համայնքային ու համազգային գործի դաշտ ներգրաւելու աշխատանքները:
(ԱՄՆի) Մայրաքաղաքի դարպասը մեր երիտասարդներուն առջեւ բանալու, զանոնք քոնկրեսականներու ու ծերակուտականներու, զանգուածային լրատուական միջոցներու, վերլուծական կեդրոններու գրասենեակներէն ու ժողովասրահներէն ներս անցընելու ծրագիրով, Հայ Դատի յանձնախումբի հիմնադրամը հարիւրաւոր երիտասարդներու համար ստեղծած է քաղաքական ասպարէզի մէջ մասնագիտական աշխատանք գտնելու կարելիութիւնը:
Այսօր արդէն կայ բանակ մը հոծ երիտասարդներու, որոնք ամբողջ Ամերիկայի տարածքին ցրուած ըլլալով հանդերձ, իրարու հետ սերտ կապեր կը պահպանեն, զիրար բոլոր կարեւոր անցուդարձերէն տեղեակ կը պահեն, զիրար կը քաջալերեն, իրարու կ՛օգնեն, ընդհանուր աշխատանքներ կը մշակեն եւ այս բոլորը կը համադրուին, կը համակարգուին, կ՛ուղորդուին հայ Դատի Ուաշինկթընի գրասենեակէն:
Նուիրաբերենք Հայ Դատի թելեթոնին, որպէսզի մեր երիտասարդները աւելի զօրանան, աւելի հպարտ ու ինքնավստահ ըլլան: