
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսայի մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագիծը ուղղուած չէ միայն թուրքերուն, այլ՝ բոլոր անոնց, որոնք կ՛ուրանան այդ պատմական փաստը. այսպէս յայտարարած է Թուրքիոյ մօտ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Լորան Պիլի՝ ըստ «Նուվել տ՛Արմէնի» թերթին:
«Այս առնչութեամբ, նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ պիտի ներկայացնէ նոր օրինագիծ մը, որ լիովին պիտի համապատասխանէ մեր սահմանադրութեան», շեշտած է դեսպանը՝ միաժամանակ վերահաստատելով Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու Ֆրանսայի նոր իշխանութեանց պատրաստակամութիւնը:
Ընկերվարական Հոլանտ, մինչեւ Ֆրանսայի նախագահ ընտրուիլը, բազմիցս յայտարարած է, թէ կը պատրաստուի ներկայացնելու Հայոց Ցեղասպանութեան ժխ-տումը քրէականացնող նոր օրինագիծ մը: