
Էջը Պատրաստեց՝
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
Տնտեսական այս դժուար օրերուն կարելի՞ է արդեօք որոշ ռազմավարական միջոցներով դրամ խնայել, ծերութեան համար խնայել, կամ վարկային քարտերու (credit cards) հաշիւները փակել, առանց մտահոգութիւններու ապրելու համար:
Անցեալ շաբաթ, ուսումնասիրական աշխատանքներուս ծիրէն ներս, ուշադրութիւնս գրաւեց յօդուած մը, որուն մէջ յօդուածագիրը վեց հիմնական ռազմավարական միջոցներ կ՛առաջարկէ զերծ մնալու համար պարտքերու ճնշումներէն միաժամանակ՝ երջանիկ ու առանց նիւթական ծանր ճնշումներու ծերութեան հաճելի օրեր ապրելու համար:
Ներկայացնենք սոյն յօդուածի վեց կէտերը:
Արդեօ՞ք պատահած է որ առաւօտեան ժամը երկուքին քնանալու փոխարէն սկսած էք մտահոգուելու ձեր զաւակներու ապագայով, անոնց համալսարանական ծախսերով, տան մուրհակներու ծանրութեամբ, կամ ձեր ապագային ծերութեան իրավիճակին մասին: Վստահահաբար այս բոլորը շատ ծանօթ կը թուին ձեզի, հետեւաբար եկէ՛ք միասնաբար մտածենք ու խորհինք: Հաւանաբար առաջարկուած կէտերը կը համապատասխանեն ձեր պահանջներուն: Եթէ երբեք իւրաքանչիւր ամիս որոշ գումար մը մէկ կողմ կը դնէք, կը նշանակէ քայլ մը կամ երկու՝ առաջ կը գտնուիք:
Ա. քայլ.
Անակնկալներու համար յատուկ հիմնէ ֆոնտ մը, ուր իւրաքանչիւր ամսուան համար քու շահածիդ 5-15 տոկոսը կարենաս փոխադրել, կանխելու համար անակնկալներու պարագային ստեղծուելիք անախորժ կացութիւնները: Ինքնաշարժիդ շարժիչէն անախորժ ձայն մը կը լսես բաւական ժամանակէ ի վեր, սակայն չունիս անհրաժեշտ գումարը այդ մէկը իրականացնելու համար: Ահաւասիկ նմանօրինակ կացութիւններու համար իտէալական կը համարուի նման ֆոնտի մը գոյութիւնը: Այսպիսի նիւթական դժուար կացութեան մէջ անգամ, անհրաժեշտ է մէկ կողմ դնել որոշ գումար մը, գործազուրկ մնալու կամ հասոյթէ մը զրկուելու պարագային, զայն օգտագործելու համար: Երբեք նման պարագաներու ձեր վարկային քարտերուն վրայ յոյս մի դնէք: Երբեք մի ապաւինիք բարձր տոկոսներով որոշ գումարներ հայթայթող քարտերուն: Անոնք ժամանակի ընթացքին այնքա՜ն կրնան ձեր նիւթական հաւասարակշռութիւնը խախտել, որ իսկապէս պիտի զղջայիք անոր դիմած ըլլալուն համար: Այս գումարը հաւաքելով մօտաւորապէս կարճ ժամանակի ընթացքին հանգիստ կերպով պէտք է մէկ կողմ դրած ըլլաք մէկ կամ երկու ամսուան անհրաժեշտ ծախսերուն համար, որոնցմէ խուսափիլը անհնար է: Ամէն անգամ որ ամսական վճարումի ժամը կը հասնի կրնաք այդ գումարէն բաժին մը մէկ կողմ դնել այդ հաշիւին մէջ եւ ապահով ըլլալ, որ որեւէ սխալ բան պիտի չպատահի եթէ առանց գործի մնաք կարճ շրջան մը: Այս գումարը ապահով պահեցէք այնպիսի հաշիւի մը մէջ որ «Էյ.Թի.Էմ» (ATM) հաշիւ չունենայ:
Բ. քայլ.
Ձեր ապագային համար սկսէք դրամ հաւաքել:
Ինչու՞ համար կարեւոր է նախ անակնկալներու ֆոնտը հաստատել եւ ապա ծերութեան համար դրամ խնայել: 65 տարիքը չհասած այդ ֆոնտէն ծախսելը լաւ գաղափար մը չի կրնար ըլլալ, հետեւաբար նախապէս պէտք է այլ հաշիւ մը ունենալ եւ ապա այս հաշիւէն ծախսեր կատարել: Ձեր շահածին 3 տոկոսը պէտք է մէկ կողմ դնէք նման հաշիւի մը պատրաստութեան համար, եթէ ձեր աշխատանքային հաստատութիւնը նման ծրագիր մը չունի կամ դուք սեփականատէր էք: Նախ պիտի նեղանաք աւելի նուազ աշխատավարձ ունենալուն համար, սակայն յետոյ պիտի վարժուիք եւ ապա տարիներ ետք ուրախ պիտի ըլլաք ձեր կատարած լաւ գործին համար:
Գ. քայլ.
Ընդարձակել անակնկալներու համար հաստատուած գումարը:
Առաջին հերթին արդէն պատրաստեցիք անակնկալներու ֆոնտը: Հիմա կարգը հասաւ աւելցնելու այդ ֆոնտը, մօտաւորապէս վեց ամսուան համար պահեստի դրամ ունենալու չափ: Հաւանաբար շատ դժուար թուի այս մէկը, սակայն բոլոր մասնագէտները կը հաստատեն այս մէկուն իրակնաութիւնը ու անհրաժեշտութիւնը: Եթէ հնարաւոր է առաջին հերթին օգտագործէ հարկերէ վերադարձած տարեկան գումարը կամ յաւելեալ վճարում մը գործատեղիէն, որպէսզի բարձրացնես գումարը: Անկէ ետք իւրաքանչիւր ամսուան համար պատրաստէ ցուցակ մը, ուրկէ կրնաս նուազեցնել ծախսը կամ կրճատել յաւելեալ խնայողութիւն ապահովելու համար:
Դ. քայլ.
Վճարեցէք բոլոր վարկային քարտերու պարտքերը:
Այո՛, այս մէկը ամէնէն անհրաժեշտ պարագաներէն մէկը կը համարուի: Արդեօ՞ք հնարաւոր չէ առաջին իսկ առիթով փակել բոլոր վարկային քարտերու հաշիւները եւ զերծ մնալ այն տաղտուկէն, որ կրնայ ձեր կեանքը խանգարել: Միշտ նկատի պէտք է առնէք հետեւեալ իրականութիւնը՝ երբեք պիտի չուզէք յաւելեալ պարտքեր կուտակել, մանաւանդ նկատի առած այն բանը, որ երբեմն աննախատեսելի պարագաներ կրնան յայտնուիլ ձեր առջեւ: Ամէնէն առաջ պէտք է փակել այն քարտը, որուն տոկոսը ամէնէն բարձրն է: Կարեւոր չէ թէ ինչքան է այդ քարտին վրայ կուտակուած պարտքը, սակայն այդ մէկը պէտք է փակել շուտով: Ապա կ՛անցնիք ուրիշի մը, որուն տոկոսը կրնաք նուազեցնել եւ քիչ մը անոր պարտքէն թեթեւցնել:
Ե. քայլ.
Աւելցուցէք ծերութեան համար պահ դրուած գումարը:
Արդէն ժամանակը հասած պէտք է համարէք յաւելեալ գումարներով հարստացնելու ձեր ծերութեան համար մէկ կողմ դրուած գումարը: Ուշադիր եղէ՛ք, ամէնէն կարեւորն է այս գումարը, որուն համար աւելի պէտք է մտահոգուիք՝ քան ձեր երեխաներուն համար ապահոված համալսարանական ծախսերու ֆոնտով: Երեխաներուն համար ապահոված գումարին չգոյութեան պարագային կրնաք փոխ առնել եւ ապա վճարել, սակայն ծերութեան պարագային քեզի դրամ փոխ տուող չկայ. լաւ յիշէ՛:
Զ. քայլ.
Ձեր զաւակներուն համալսարանական ծախսերը հոգացէք, տան ծախսը փակեցէք եւ կամ՝ այլ տարբեր մեծ ծրագիրներ յաջողցուցէք:
Եթէ այս հանգրուանին հասած էք, կը նշանակէ թէ ձեր գործերը բաւականին յաջող են ու լաւ ընթացքի մէջ: Կրնաք իւրաքանչիւր նպատակի համար տարբեր ֆոնտեր ու հաշիւներ հիմնել:
Շնորհաւորութիւններ այս հանգրուանին հասնելուն համար: Պէտք է հպարտ զգաք այս իրագործումներով ու խոհեմ՝ նուաճումներուն համար: