Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Փքռոյցը (emphysema) թոքային մնայուն եւ յառաջացող (progressive) շնչառական հիւանդութիւն մըն է, որ ընդհանրապէս կը պատահի տարեցներու, ճերմակամորթներու, տղամարդոց եւ ծխախոտ գործածողներու մօտ: Ան կը զարգանայ կամաց-կամաց տարիներու ընթացքին: Փքռոյցը համատարած հիւանդութիւն մըն է: Ըստ համաշխարհային առողջապահական կազմակերպութիւններու ուսումնասիրութիւններուն ամէն տարի ամբողջ աշխարհի վրայ երեք միլիոն անձեր կը մահանան փքռոյցէ:
Անիկա շատ քիչ պարագաներուն կը պատահի չծխողներու մօտ:
Փքռոյցը մնայուն ցնցղատապի (bronchitis) մէկ այլ երեւոյթն է, որ կը յատկանշուի ցնցուղներու (bronchi) մնայուն եւ մասնակի կամ ամբողջական խցումով:
Թոքերու ցնցուղներուն մասնակի կամ ամբողջական խցումով հետեւեալ ախտաբանական (pathologic) երեւոյթները կը յայտնուին.
1. Թոքերու ցնցուղներու եւ մանաւանդ ցնցղիկներու (bronchiols) նեղացում-կծկում արտաշնչումի ընթացքին,
2. Ներշնչուած օդի կուտակում թոքախորշիկներու (alveoli) մէջ,
3. Թոքերու հիւսկէններու փճացում եւ մանր տոպրակիկներու յայտնաբերում,
4. Թոքերու առաձգականութեան զգալի նուազում կամ ամբողջական կորուստ,
5. Թոքախորշիկներու անյայտացում,
6. Թոքերու բնականէն աւելի ընդլայնում եւ ծաւալում: Հոս տեղին է յիշել, որ Emphysema բառը լատիներէն կը նշանակէ ուռիլ կամ ուռած:
7. Առատ եւ կպչուն խուխի արտադրութիւն,
8. Թոքախորշիկներուն մէջ թթուածինի եւ ածախծնի երկօքսիտի (CO2) փոխանակումի զգալի նուազում, որուն պատճառով թոքերէն դէպի մարմինի բոլոր բջիջներուն գացող զարկերակային արիւնը ամբողջովին չի յագենար
թթուածինով եւ այս բջիջները կը մատնուին թթուածինի սովի:
Հետեւեալ ազդակները փքռոյցի ախտապատճառներն են.
Ա. Հիմնական-առաջնահերթ (primary) ախտապատճառներ
ա. Ծխախոտի գործածութիւն, որ թիւ մէկ պատճառն է փքռոյցին: Ծխողներուն 15 առ հարիւրը կը տառապին փքռոյցէ: Բժշկական ուսումնասիրութիւններու համաձայն փքռոյցը անպայման կը զարգանայ այն անհատներու մօտ, որոնք քսան տարի անընդհատ օրական կը ծխեն քսան սիկարէթ: Ծխախոտի ծուխը տարիներու ընթացքին պատճառ կը դառնայ ցնցուղներու եւ ցնցղիկներու պատերուն կծկումին-նեղնալուն.
բ. Ծինային ներգործութիւն (genetic interaction):
Շատ անհատներ ծինային նախահակում (predisposition) ունին փքռոյց ունենալու երբ ենթակայ ըլլան ծխախոտի ծուխին:
Բ. Երկրորդական ախտապատճառ
ա. Թոքերու մանրէական բորբոքումներ.
Փքռոյցի պարագաներուն մէկ երրորդը կը յառաջանայ շնչառական խողովակներու մանրէական բորբոքումներով.
բ. Միջավայրային ազդակներ՝ փոշիի, բեղմնափոշիի (pollen), թունաւոր կազերու եւ քիմիական նիւթերու ներշնչում: Փոշին եւ բեղմնափոշին կը զարգացնեն շնչառական համակարգի գերզգայնութիւն, որ պատճառ կը դառնայ ցնցուղներու կծկումին: Իսկ թունաւոր կազերը եւ քիմիական նիւթերը ծխախոտի ծուխին նման կը գործեն ցնցուղներուն վրայ.
գ. Ստամոքսա-որկորային յետադարձութիւն (gastro-esophageal reflux): Այս յետադարձութեան պատճառաւ ստամոքսի թթուն անցնելով ըմբանէն (pharynx), խռչափողէն (larynx) եւ շնչափողէն (trachea) կը հասնի ցնցուղներ եւ ցնցղիկներ, որոնք կը գրգռուին ստամոքսի թթուով եւ տեղի կ՛ունենայ անոնց կծկում-նեղացումը.
դ. Տարեցութիւն եւ դիմադրողականութեան (immunity) նուազում-անբաւարարութիւն, որոնք պատճառ կը դառնան յաճախակի թոքային հիւանդութիններու եւ ցնցուղներու պատերուն կծկում-նեղացումին:
Փքռոյցի ախտանշաններու յայտնաբերումը եւ անոնց զարգացումը երկար գործընթաց մըն է: Անոնք տեղի կ՛ունենան դանդաղօրէն եւ կը կարօտին երկար տարիներու:
Փքռոյցի սկզբնական ախտանշաններն են՝
1. Շնչահեղձութիւն (dyspnea) ֆիզիքական աշխատանքի եւ մարզանքի ընթացքին,
2. Խուխով արտադրողական հազ (productive cough),
3. Շատ մեղմ շնչասլոց (stridor):
Այս հանգրուանին եթէ կանխարգիլելի միջոցառումներ չգործադրուին, մանաւանդ ծխախոտի գործածութիւնը չդադրի ենթական անխուսափելիօրէն կը սկսի ունենալ նոր ախտանշաններ: Այս յառաջացած ախտանշաններն են՝
1. Շնչահեղձութիւն որ կը պատահի նոյնիսկ դեդեւ աշխատանքի ընթացքին՝ շնչառական խողովակներու բորբոքումով
2. Արագ շնչառութիւն
3. Հազալու դժուարութիւն,
4. Խուխի նուազ արտահանում
5. Կապտութիւն (cyanosis)՝ արեան թթուածինի նուազումով
6. Մեղմ շնչասլոց
7. Առաւօտեան գլխացաւ՝ արեան ածխածինի երկօքսիտի բարձրացումով
8. Կրծքավանդակի մկաններու ներկծկում (retraction)
9. Ընդհատումներով անքնութիւն:
Շնչառական համակարգի յաճախակի բորբոքումներով եւ ծխախոտի շարունակական գործածութեամբ, փքռոյցէ տառապող անհատը յաւելեալ հիւանդագին զարգացում կ՛ունենայ հետեւեալ ախտանշաններով.
1. Մնայուն շնչահեղձութիւն հանգիստ վիճակի մէջ եւ նոյնիսկ քունի ընթացքին
2. Ախորժակի նուազում եւ կշիռքի կորուստ
3. Կրծքավանդակի մկաններու ներկծկում
4. Կրծքավանդակի առաջա-ետին (antero-posterior) գերծաւալում
5. Մնայուն կապտութիւն՝ արեան թթուածինի բացայայտ նուազումով
6. Ուժգին շնչասլոց մանաւանդ՝ արտաշնչումի սկզբնաւորութեան
7. Մանայուն անքնութիւն
8. Մնայուն գլխացաւ՝ արեան ածխածինի երկօքսիտի առաւել բարձրացումով եւ անքնութեան պատճառով:
Վերոյիշեալ բոլոր ախտանշաններուն հետ միատեղ, յաճախ կը պատահի մեղմ կամ զօրաւոր ջերմ, դող եւ քրտինք, որոնք հետեւանքն են շնչառական համակարգի ցպկային կամ ժահրային բորբոքումներուն :
Փքռոյցի ախտաճանաչումը բացայայտ է: Շնչահեղձութիւնը, շնչասլոցը, արագ շնչառութիւնը, կապտութիւնը եւ կրծքավանդակի ծաւալումը արդէն կը մղեն բժիշկը շուտով ախտաճանաչելու փքռոյցը: Սակայն թոքերու Ք (K) ճառագայթային նկարահանումը կ՛օժանդակէ յաւելեալ մանրամանութիւններ տեսնելու փքռուցաւոր թոքերու մէջ:
Փքռոյցը վերջնականապէս մնայուն, յառաջացող եւ անհակաշռջելի (iriversible) հիւանդութիւն մըն է. ոչ մէկ միջոցառումով կարելի է դարմանել զայն եւ թոքերու բնական գործելակերպ ունենալ: Դարմանումը կը միտի՝ մեղմացնելու փքռոյցի ախտանշանները, բարելաւելու թոքերու գործելակերպը եւ արգելք հանդիսանալու փքռոյցի սուր նոպայի (acute crisis) մը յայտնութեան: Այս նպատակները կ՛իրականան հետեւեալ միջոցառումներով.
1. Դեղերու գործածութիւն՝ ցնցղալայնացուցիչներ (bronchdi-lators), corticosteroid դեղեր, քթային կամ բերանային թթուածինի ներշնչում, հակամանրէական դեղեր՝ բորբոքումի պարագային.
2. Ծխախոտ չգործածել.
3. Հետեւիլ առողջապահական սննդականոնի եւ գործածել որոշ կենսանիւթեր (vitamines).
4. Կատարել շնչառական մարզանքներ.
5. Հեռու մնալ ապականած միջավայրէ, փոշիէ, բեղմնափոշիէ, թունաւոր կազերէ եւ քիմիական նիւթերէ.
6. Չվարակուիլ վերին եւ վարի շնչառական համակարգի մանրէական եւ ոչ մանրէական հիւանդութթիւններով, մասնաւորապէս՝ հարբուխ, կռիփ (influenza), խոռոչատապ (sinusitis), խռչափողատապ (laryngitis), ցնցղատապ (bronchitis), շնչափողատապ (tracheaitis) եւ թոքատապ (pneumonia):
Փքռոյցէ տառապող հիւանդը կրնայ ունենալ հետեւեալ բարդութիւնները.
1. Փքռոյցէ տառապողները տարին երկու կամ երեք անգամ կ՛ունենան փքռուցային նոպա (տագնապ), մանաւանդ՝ շնչառական համակարգի ժահրային բորբոքումներու եւ կամ ցպկային սուր ցնցղատապի գոյութեամբ:
2. Թոքամաշկի (pleura) օդի կուտակում (pneumothorax) թոքերու մէջ անբնականօրէն ստեղծուած մանր տոպրակիկներու պայթումին հետեւանքով: Թոքամաշկի օդի կուտակումը կը վատթարացնէ շնչահեղձութիւնը.
3. Սիրտի եւ երիկամներու աշխատանքի վատթարացում (failure), որ կը յառաջացնէ ոտքերու եւ սրունքներու ջրակուտակում-ջրուռեցք (edema) եւ կը բարդացնէ հիւանդին ընդհանուր առողջական վիճակը .
5. Ուղեղային դանդաղում եւ կարողականութեան նուազում՝ թթուածինի նուազումի պատճառով.
Փքռոյցը կարելի՞ է կանխարգիլել: Այո՛ կարելի է 2 հիմնական միջոցառումներով.
1. Ծխածոտ բնաւ չգործածել
2. Հեռու մնալ ապականած միջավայրէ, փոշիէ, բեղմնափոշիէ, թունաւոր կազերէ եւ քիմիական նիւթերէ: