
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Էյ.Փի.».- Լիբանանցի պետական պաշտօնատարներ հաղորդեցին, թէ Երեքշաբթի, Մայիս 22ին, Հալէպի Ազազ շրջանին մէջ 13 լիբանանցի շիիներ առեւանգուած են, դէպի Իրաք կատարած իրենց ուխտագնացութենէն վերադարձի ճամբուն վրայ:
Ըստ «Նաշրա» կայքէջին՝ 13 լիբանանցիներ առեւանգողները կը պահանջեն Սուրիոյ իշխանութիւններէն առեւանգեալները փոխանակել Սուրիոյ բանտերուն մէջ մնացող ընդդիմադիրներու հետ:
Իբրեւ բողոք այս առեւանգումին, քաղաքացիներ շիիներով բնակեցուած շրջաններու մէջ շարք մը ճամբաներ փակեցին, ինչպէս սիւննիներ հիւսիսային Լիբանանի մէջ ճամբաներ փակած էին, երբ Թրիփոլիի մէջ ձերբակալուեցաւ սիւննի գործիչ Շատի Մաուլաուին, որ կ՛ամբաստանուէր Սուրիոյ իշխանութեանց ընդդիմադիրները զինելու յանցանքով: Յայտնենք, թէ Երեքշաբթի օր լիբանանեան զինուորական ատեան մը որոշեց փրկագինով ազատ արձակել նշեալ գործիչը՝ պահանջելով անկէ չհեռանալ երկիրէն: Իսկ Պաալպեք-Հըրմել ժողովրդային մարմինը դատապարտեց «ահաբեկի»չ Մաուլաուիի ազատ արձակումը:
Մաուլաուիի ձերբակալութենէն ետք Թրիփոլիի մէջ տեղի ունեցած զինեալ բախումները 10 զոհ խլած էին անցեալ շաբաթ:
Միւս կողմէ, բանակը ձերբակալած է բանակային անցարգելի մը վրայ գտնուող 19 զինուորները եւ երեք սպաները, որոնք պատասխանատու կը նկատուին Աքքարի մէջ սիւննի շէյխ մը եւ անոր ընկերակիցը սպաննելու արարքին: Շէյխն ու գործակիցը Երկուշաբթի օր հողին յանձնուեցան յուղարկաւորութեամբ մը, որ վերածուեցաւ հակակառավարական ցոյցի: Շէյխին սպանութեան հետեւանքով, արեւմտեան Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած բախումները երկու զոհ խլած էին Երկուշաբթի օր: