– Իրանի մօտ Ատրպէյճանի դեսպան Ճեւանշիր Ախունտով Մայիս 22ին դարձեալ կանչուած է արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ապպաս Արաքճիի հետ քննած է վերջերս երկու երկիրներուն յարաբերութեանց մէջ ծագած լարուածութիւնը: Արաքճի բողոքած է Ատրպէյճանի մէջ «կրօնական արժէքներու հանդէպ անյարգալից վերաբերմունքին» դէմ: Անցնող շաբաթավերջին, Պաքուի մօտ իրանեան դեսպանատան առջեւ տեղի ունեցած ցոյցի մը ընթացքին, վիրաւորական արտայայտութիւններ հնչած էին Իրանի նախագահի գերագոյն կրօնապետի հասցէին, որմէ ետք Ատրպէյճանի մօտ Իրանի դեսպանը խորհրդակցութեանց համար Թեհրան կանչուած էր:
– Պոլսոյ ծանր յանցագործութիւններու ատեանին վճիռով, Մայիս 22ին փակուած է Թուրքիոյ մէջ հրատարակուող քրտական «Տեմոքրաթիք Վաթան» (ժողովրդավար հայրենիք) թերթը: Ըստ քրտական «Ֆրա»չ լրատու գործակալութեան՝ ատեանը իր վճիռը հիմնած է այն ամբաստանութեան վրայ, թէ թերթը Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ի նպաստ քարոզչութիւն կը կատարէ, հակառակ այն իրողութեան, որ Անգարա այդ կուսակցութիւնը ապօրինի կը նկատէ:
– Վրաստանի նախագահ Սահակաշվիլի, որ մասնակցած էր Շիքակոյի մէջ կայացած ՆԱԹՕի գերաստիճանին, Մայիս 22ին յայտնած է, թէ Վրաստան ամենայն հաւանականութեամբ 2014ին պիտի դառնայ Հիւսիսատլանտեան ուխտի լիիրաւ անդամ:
– Այս ամրան շրջապտոյտի մը մեկնելու ծրագիրներ ունեցող ամերիկացիներուն թիւը 54 տոկոսի հասած է՝ բաղդատած անցեալ տարուան ընթացքին արձանագրուած 52 տոկոսին: