ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Ազատութիւն՝ պատմութեան համար» կոչուած միութիւնը, որուն կ՛անդամակցին զանազան երկիրներէ մօտաւորապէս երեք հազար պատմաբաններ, մտահոգ է այն բանով, որ յառաջիկայ ամիս Ֆրանսայի խորհրդարանը դարձեալ կրնայ օրակարգի բերել Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը յանցագործութիւն նկատող օրէնք մը։
Միութիւնը այս նպատակով Յունիս 2ին պիտի գումարէ արտակարգ ժողով մը, որուն օրակարգին վրայ դրուած պիտի ըլլայ Հայկական Ցեղասպանութեան օրէնքը։
«Հայթերթ»ի կայքը, որ արձագանգ կը հանդիսանայ այս լուրին, կ՛աւելցնէ, թէ շատ զարմանալի է, որ յիշեալ միութեան անդամակցող պատմաբանները բնաւ անհանգիստ չեն Հրէական Ողջակիզման ուրացումը յանցագործութիւն նկատող օրէնքէն, իսկ ատոր փոխարէն՝ անհանգիստ են նոր օրէնքէն, որուն մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին ուղղակիօրէն չի խօսուիր, այլ բոլոր ցեղասպանութիւններու մասին։