ԵՐԵՒԱՆ, «Այսօր».- 2 Յունիսին, ժամը 12ին, Հայաստանի Գրողներու միութեան դահլիճին մէջ (Բաղրամեան 3) տեղի պիտի ունենայ «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան 8րդ համագումարը:
Կուսակցութեան անդամ Ստեօպա Սաֆարեան նշած է, որ համագումարին ընթացքին պիտի քննարկուին ընտրութիւններէն ետք ստեղծուած իրավիճակի եւ քաղաքական կարեւորագոյն հարցերու վերաբերեալ դիրքորոշումները: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ որո՞նք են, ըստ «Ժառանգութեան», երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող կարեւորագոյն հարցերը՝ Ս. Սաֆարեան նշեց. «Համագումարի ընթացքում կը քննարկենք, պարզ կը դառնայ: Երկրում ընտրութիւններ են անցկացուել, իշխանութիւն, խորհրդարան է ձեւաւորուել, ի վերջոյ, պէտք է քննարկել»:
Ս. Սաֆարեան դիտել տուաւ, որ պէտք չէ ակնկալել, որ համագումարին ընթացքին արտասովոր երեւոյթներ կամ գայթակղութիւններ արձանագրուին։ Ան հաստատեց, որ «Ժառանգութեան» շարքերուն մէջ տիրող մթնոլորտը խաղաղ է:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ «Ազատ դեմոկրատներ» կուսակցութիւնը, որ «Ժառանգութեան» հետ նոյն ցանկով հասած է խորհրդարան, արդեօք ներկայացուցիչներ պիտի ունենա՞յ համագումարին՝ Սաֆարեան ըսաւ, թէ ասիկա իրենց կուսակցութեան համագումարն է, եւ որեւէ այլ կուսակցութենէ ներկայացուցիչ իրաւունք չունի մասնակցելու։